Առաջնորդ Սրբազան Հօր պատգամը, Առաջնորդարանէն

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀԱՅՐԸ ԲԱՑՄԱՆ ԱՂՕԹՔԸ ԿԱՏԱՐԵՑ ԹԱՅՄԶ ՍՔՈՒԷՐԻ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ՈԳԵԿՈՉՄԱՆ

Կիրակի, 27 Ապրիլին, Թեմիս բարեջան Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Անուշաւան Արքեպիսկոպոս, բացման աղօթքն կատարեց ու իր պատգամը տուաւ Թայմզ Սքուէրի մէջ (Նիւ Եորք) Հայոց Ցեղասպանութեան 110ամեակի ձեռնարկին, զոր կազմակերպած էին Վարդանանց Ասպետներն ու Վարդանանց Դուստրերը, հայկական բոլոր կազմակերպութիւններուն մասնակցութեամբ։

Իր պատգամին մէջ, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը յիշեցպւց թէ 1890-ական թուականներուն սկսած վայրագութիւնները շարունակուած են 1915-1922-ին մինչեւ մեր օրերը. «Մարդու անմարդկայնութիւնը մարդկութեան հանդէպ փաստօրէն դարձած է աւելի կատաղի, աւելի բիրտ եւ աւելի սոսկալի, քան երբեւէ կարելի էր երեւակայել»։

Թուարկելէ ետք անցեալ դարու վերջաւորութեան գործադրուած ցեղասպանական արարքները հայութեան դէմ՝ Սումգայթի, Կիրովապատի, Պաքուի եւ Մարաղայի ջարդերէն մինչեւ Ատրպէյճանի հայութեան տեղահանումը, Նախիջեւանի մշակութային եղեռնէն մինչեւ արցախահայութեան բռնի վտարումը, Սրբազան Հայրը աւելցուց, թէ այդ արարքներու պատասխանատու Ատրպէյճանը, որ հազիւ թէ դար մը առաջ արուեստականօրէն ստեղծուած է, այսօր կը համարձակի ներկայ Հայաստանի Հանրապետութիւնը «Արեւմտեան Ատրպէյճան» կոչել։

Թուրքիա ու Ատրպէյճան անպատժելիութեան սերունդն են, յաջորդաբար ծնան ըլլալով անպատիժ մնացած Հայոց Ցեղասպանութենէն եւ 1918-ի Պաքուի հայերու ջարդէն. «Գլխիվայր շրջուած այս աշխարհին մէջ, ամէն ինչ որ ուղղամիտ մարդիկ սխալ կը նկատեն դրուատիքի կ՚արժանանայ Անգարայի եւ Պաքուի ամենամութ անկիւններուն մէջ, ըլլայ մարդասպանութիւն, քանդում կամ աւարառութիւն»։

Կոչ ուղղելով Թուրքիոյ ներկայ իշխանութիւններուն ու քաղաքացիներուն ստանձնելու իրենց նախնիներուն պատասխանատուութիւները, Սրբազան Հայրը յայտնեց, թէ ատիկա ճամբայ պիտի հարթէ դէպի արդարութիւն ու խաղաղութիւն։ Հայոց Ցեղասպանութեան ոգեկոչումը ինքնանպատակ չէ, այլ կը նպաստէ այսօրուան անարդարութիւններու դիմակայութեան եւ կ՚օգնէ կանխել ապագայ ցեղասպանութիւններ.

«Թող Հայոց Ցեղասպանութեան յանցագործները գիտնան, թէ պիտի քալենք Գալֆորնիայէն մինչեւ Նիւ Եորք եւ Երեւանէն մինչեւ Աւստրալի, հակառակ բոլոր ժխտումներուն, խեղաթիւրումներուն եւ ճնշումներուն, որովհետեւ մեր հսաւստքն ու յոյսը աւելի բարձր են քան լեռները եւ աւելի խոր, քան ովկիանոսները, իսկ մեր յարատեւութիւնը՝ աւելի զօրաւոր, քան լեռները»։