ԽՈՐԷՆ ՄԷՅԽԱՆԷՃԵԱՆ (1937-30 Ապրիլ, 2025)

Թեմիս բարեջան Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Անուշաւան Արքեսպիսկոպոս, եւ Ազգային Վարչութեան Կրօնական եւ Քաղաքական Ժողովները խոր ցաւով իմացան, թէ յայտնի խմբավար մաէսթրօ Խորէն Մէյխանէճեան իր մահկանացուն կնքած է Չորեքշաբթի, 30 Ապրիլին, Նիւ Եորքի մէջ։ Հանգուցեալը իր ամբողջ կեանքը նուիրած էր Հայ Եկեղեցւոյ ծառայութեան եւ հայ հոգեւոր երաժշտութեան գլխաւոր յօրինողներէն մէկն էր մեր օրերուն։
Խորէն Մէյխանէճեան ծնած է Հալէպ, Սուրիա, 1937-ին։ Հայաստան ներգաղթած է 1946-ին: 1956-1960 թուականներուն յաճախած է Ս. Էջմիածնի հոգեւոր ճեմարանը, ուր հետեւած է աստուածաբանութեան, իմաստասիրութեան, հոգեբանութեան եւ արուեստներու: Տարի մը երաժշտական անհատական դասընթացքներու հետեւած է (տեսութիւն, բազմազանութիւն եւ դաշնաւորում) Հայ Եկեղեցւոյ սրբազան երաժշտութեան հռչակաւոր վարպետ եւ Կոմիտաս Վարդապետի երաժշտութեան մասնագէտ Ռոբերտ Աթայեանի քով։
Հոգեւոր ճեմարանին մէջ իր դասընթացքներու աւարտէն ետք, Խորէն Մէյխանէճեան ընդունուած է Երեւանի Կոմիտասի անուան երաժշտանոցը, ուր աշակերտած է Թաթուլ Ալթունեանի: 1965 թուականին ստացած է երաժշտական ղեկավարութեան եւ խմբերգային երգեցողութեան մագիստրոսի աստիճանը: 1975-1979-ին Մէյխանէճեան վերադարձած է երաժշտանոցը, ուր ստացած է երկրորդ մագիստրոսի աստիճան մը, որպէս օփերայի եւ նուագախումբի ղեկավար:
1961-1975-ին, երկրորդ խմբավարը եղած է Հայաստանի Պետական ակադեմական երգչախումբին, զոր կը ղեկավարէր Յովհաննէս Չեքիճեանը։ Ակադեմական երգչախումբին հետ միասին աշխարհի զանազան երկիրներու մէջ համերգներ ունեցած են:
Խորէն Մէյխանէճեան երեք տարի նուիրած է Խորէնեան պատարագի երգչախմբային եւ երգեհոնի նուագակցութեան յօրինման: Մէկ տարուան փորձարկումէ ետք, 1984 թուականին Ամենայն Հայոց Վազգէն Ա. Կաթողիկոսի կոնդակով պաշտօնապէս վաւերացուած է Խորէնեան Պատարագը եւ գործածութեան մէջ դրուած՝ հայ եկեղեցիներու մէջ:
1990-ական թուականներու սկիզբը, մաէսթրօ Մէյխանէճեան հրաւէր ընդունած է էջմիածնական Արեւելեան Թեմի օրուան Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Խաժակ Պարսամեանի, ստանձնելու երաժշտական բաժնի վարիչի եւ Ս. Վարդան Մայր Եկեղեցւոյ խմբավարի պաշտօնները։ Յօրինած է այլ գործեր՝ Ամերիկայի Թեմի հարիւրամեակին (1998) եւ Հայաստանի քրիստոնէութեան դարձի 1700-ամեակին նուիրուած (2001), ինչպէս եւ Ս. Ծննդեան օրաթորիում մը (2000)։ 1997-ին ստացած է Ս. Սահակ- Մեսրոպ շքանշանը Ամենայն Հայոց Գարեգին Ա. Կաթողիկոսի կողմէ։
Խորէնեան պատարագը հրատարակուած է 1999 թուականին՝ Հայ Եկեղեցւոյ դպրաց դասերու ընկերակցութեան կողմէ, եւ լոյս տեսած է նաեւ Նիւ Եորքի մէջ: 2007 թուականին լոյս տեսած է Խորէն Մէյխանէճեանի ստեղծագործութիւններու ժողովածոն՝ «Կեանքիս երգերը» խորագրով:
2015-ին, մաէսթրօ Մէյխանէճեան ղեկավարած է հայրապետական Ս. Պատարագը Ուաշինկթընի մէջ, Հայոց Ցեղասպանութեան 100-ամեակի ընթացքին։ 88-ամեայ վարպետը վերջին անգամ Ս. Պատարագը ղեկավարած է 20 Ապրիլ, 2025-ին, Ս. Յարութեան օրը՝ մահէն օրեր առաջ։ Այսպէս իր աւարտին հասած է կեանք մը նուիրուած հաւատքի, երաժշտութեան եւ սերունդները ներշնչելու մեր հոգեւոր մեղեդիներով։
Աստուած հոգին լուսաւորէ։