Առաջնորդարանէն

ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ՈԳԵԿՈՉՈՒՄ Ս. ՍԱՐԳԻՍ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ

Շաբաթ, 26 Ապրիլին, նախագահութեամբ Թեմիս բարեջան Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Անուշաւան Արքեպիսկոպոսին, տեղի ունեցաւ Հայոց Ցեղասպանութեան նուիրուած յուշ-երեկոյ մը Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ մէջ (Տակլըսթըն, Նիւ Եորք), որուն գլխաւոր նիւթը Արցախն էր։

Շանթել Նասրի բարի գալուստ մաղթեց եւ ներկայացուց հանդիսավարուհին՝ իրաւաբան Անահիտ Ուղուրլայեանը։ Կլոր սեղանի մը ընթացքին, Անուշ Պաղտասարեան հանգամանօրէն ներկայացուց Արցախի հարցը միջազգային դատարաններու ներկայացնելու գործընթացը, Ալեք Սողոմոնեան՝ Հ.Ե.Դ.ի ընդհանուր գործունէութիւնը, եւ Գեւ Իսքաճեան՝ Հայ Դատի Յանձնախումբի ռազմավարութիւնը։

Իր փակման խօսքի մէջ, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը բարձրօրէն գնահատեց երիտասարդ բանախօսներու ներկայացումը, զայն նկատելով մեր նոր սերունդի հայ իրաւունքի հետապնդման առհաւատչեան։ Ապա աւելցուց, թէ գործնականօրէն զօրավիգ պէտք է կանգնիլ արցախահայութեան օժանդակութեան, որպէսզի անոնք չցրուին եւ մնան հայրենիք, յարմար ժամանակին վերատիրանալու համար իրենց պապենական հողերուն։