Featured, Առաջնորդ Սրբազան Հօր Քարոզը, Առաջնորդարանէն

ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ՊԱՏԱՐԱԳ Ս. ՎԱՐԴԱՆ ՄԱՅՐ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ

Կիրակի, 27 Ապրիլին, միացեալ Ս. Պատարագ տեղի ունեցաւ ի յիշատակ Հայոց Ցեղասպանութեան սուրբ նահատակներուն Նիւ Եորքի Ս. Վարդան Մայր Եկեղեցւոյ մէջ։ Պատարագեց էջմիածնական Արեւելեան Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Մեսրոպ Եպիսկոպոս, իսկ քարոզեց՝ Թեմիս բարեջան Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Անուշաւան Արքեպիսկոպոս։ Ս. Լուսաւորիչ Մայր Եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ՝ Արժպ. Տ. Մեսրոպ Քհն. Լագիսեան, նոյնպէս մասնակցեցաւ պատարագին։

Յաւարտ Ս. Պատարագի, ներկաները քայլարշաւ մը կատարեցին դէպի Թայմզ Սքուէր՝ ցեղասպանութեան ոգեկոչման մասնակցելու։

Իր քարոզին մէջ, Անուշաւան Արքեպիսկոպոս ըսաւ.

Սիրելի հաւատացեալներ,

Հաւաքաբար եկած ենք Հայոց Ցեղասպանութեան 110-ամեակին ընթացքին հաւատքի եւ հայրենիքի համար նահատակուած մեծ սուրբին՝ Վարդան Զօրավարի անունով կնքուած այս սուրբ եկեղեցւոյ մէջ, բոլորիս խնկաբոյր աղօթքով Ս. Պատարագ ընծայելու առ Աստուած, յերախտագիտութիւն Ամենակալին նախախնամութեան եւ ի յարգանս Եղեռնի անշիրիմ մնացած նահատակներուն։

Ուրախ եմ, որ ի հետեւումն Հայոց Ցեղասպանութեան 100-ամեակին առիթով  էջմիածնական Թեմի նախկին Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Խաժակ Ս. Արքեպիսկոպոսի, եւ կիլիկեան Թեմի նախկին Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Օշական Ս. Արքեպիսկոպոսի միացեալ պատարագ ընծայելու նախաձեռնութեան, այսօր հոգեւոր եղբօրս՝ Գերշ. Տ. Մեսրոպ Ս. Եպիսկոպոսի հետ, 110-ամեակի միացեալ այս պատարագը կը մատուցանենք սիրոյ եւ համագործակցութեան ոգիով։

Այսօր հաւաքուած ենք այս սուրբ եկեղեցւոյ գմբէթին ներքեւ, ոգեկոչելու Ցեղասպանութեան զոհ մեր մէկուկէս միլիոն նահատակներու յիշատակը։ Այստեղ ենք նաեւ գոհաբանութիւն յայտնելու Ամենակալ Աստուծոյ, որ հակառակ ցեղասպան դահիճին ձեռքով հինգ հազարամեայ պապենական մեր հողերէն արմատախիլ ըլլալուն, Նախախնամութեան Առաջնորդութեամբ հիւրընկալուեցանք տարբեր երկիրներու, ի մասնաւորի Միացեալ Նահանգներու մէջ։ Երախտապարտ ենք, որ մինչ ժամանակին պանդուխտ էինք, ներկայիս այդ երկիրներուն պատուաւոր քաղաքացիներ ենք։ Շնորհակալ ենք նաեւ, որ մեր անկախ հայրենիքով մաս կը կազմենք միացեալ ազգերու մեծ ընտանիքին։

Այստեղ հաւաքուած ենք նաեւ նորոգելու մեր յանձնառութիւնը եւ լսելի դարձնելու մեր ձայնը յանուն արդարութեան եւ իրաւունքի։ Աստուածաշունչին մէջ կը կարդանք, թէ Կեանքի Աղբիւրը Կայէնէն հաշուետուութիւն պահանջեց, ըսելով. «Կայէն, ո՞ւր է եղբայրդ»։ Վերջնոյս ուրացումին վրայ, Արդարն Աստուած իր վճիռը արձակեց (Ծնն 4:8-12)։ Ուստի, Նախախնամութեան տնօրինութեամբ մեր նուիրական պարտականութիւնն է հաշիւ պահանջել դահիճ պետութենէն, որ համարեա մեր ազգի կէսը բնաջնջեց։

Վերջին տարիներուն աւելի յաճախակի կերպով կը լսենք, թէ ժամանակն է որ ներենք, մոռնանք եւ յառաջ ընթանանք։ Քաջ գիտենք, որպէս քրիստոնեաներ, թէ առաջնահերթ մեր պարտականութիւնն է ներել։ Ինչպէս Քրիստոս ուսոյց, պարտինք ներել ո՛չ միայն մէկ կամ եօթն անգամ, այլ եօթանասուն եօթն անգամ (Մտ 18:21-22)։ Դժբախտաբար, ինչպէս որ Կայէն մերժեց պատասխանատուութիւն ստանձնել իր զազրելի արարքին համար, պատասխանելով՝ «Միթէ եղբօրս պահապա՞նն եմ», նմանապէս մինչեւ օրս դահիճ ազգի ղեկավարները ո՛չ միայն ներողութիւն չեն խնդրեր, այլ կ՚ուրանան եւ կը նենգափոխեն պատմութիւնը։ Աւելին, անոնք կը ժպրհին յայտարարել, թէ իրենց հայրերուն անաւարտ բնաջնջումը պիտի ամբողջացնեն։

Արդարեւ, բոլորս վկայեցինք, թէ ինչպէս քսաներորդ դարու աւարտը եւ քսանմէկերորդ դարու սկիզբը յատկանշուեցան յաջորդական ցեղասպանութեան արարքներով, սկսեալ Սումկայթի, Կիրովապատի, Պաքուի ու Մարաղայի ջարդերով, եւ ամբողջացան 300.000 հայերու Ատրպէյճանէն բռնագաղթով, որոնց յաջորդեց Նախիջեւանի մշակութային բնաջնջումը, իսկ մեր օրերուն իննամսեայ պաշարումէ ետք 120.000 Արցախահայութեան բռնագաղթով իրենց հազարամեայ պապենական հողերէն։

Սիրելի եղբայրներ եւ քոյրեր, առանց անցեալի գերիները դառնալու, մոռնալ Հայոց Ցեղասպանութիւնը կը նշանակէ փախուստ տալ իրականութենէն։ Կը նշանակէ կամաւոր կերպով անտեսել մեր գիտակից յանձնառութիւնը եւ դառնալ ինքնագոհ՝ չխանգարելու մեր հանգստաւէտ կեանքը։ Նաեւ ատիկա կը նշանակէ մեր առօրեային մէջ, երբ անձնապէս զոհ դառնանք որեւէ վատ արարքի ու ոճիրի, պարտինք ներել, մոռնալ եւ դատարան չդիմենք արդարութեան համար։ Նման պարագաներուն երբ այսպիսի վերաբերում ունենանք, քաջալերած կ՚ըլլանք քաոսն ու անիշխանութիւնը՝ փոխան կարգ կանոնի, խաւարը՝ կեանքի փոխարէն, եւ մահը՝ փոխան կեանքի։

Արդարն Աստուած կ՛ըսէ․ «Վրէժխնդրութիւնը իմս է» (Բ Օրինաց. 32:35 եւ Հռ 12:19)։ Ուստի, դահիճ ազգի արդար դատաստանը Աստուծոյ յանձնելով, 110-ամեակի  ոգեկոչումը դարձնենք հաւաքական ու դրական ներուժի հետապնդենք արդարութիւնն ու մեր ազգի իրաւունքը, եւ մեր դառն փարձառութեան ընդմէջէն զօրավիգ կանգնինք աշխարհի չորս ծագերուն մերօրեայ անարդարութեանց զոհ գացած եւ գացող փոքրամասնութեանց։

Սիրելիներ, ցեղասպանութեան ոգեկոչումով Հայ Եկեղեցին բացարձակապէս ատելութիւն չէ սերմանած մեր հաւատացեալներու սրտերուն մէջ։ Փա՜ռք Աստուծոյ, նոյնիսկ Տէր-Զօրի անապատը կտրող եւ անոնց յաջորդող մեր հայրերուն ու մայրերուն շրթներէն երբեք եւ երբեք անէծք չլսուեցաւ, նոյնիսկ անոնք իրենց սրտերու խորքը թաղեցին այդ ցաւը, այդ տառապանքը եւ միայն մեզի յայտնեցին. «Զաւակներս, Աստուած ամէն ինչ կը տեսնէ եւ կը լսէ»։ Դարձեալ Հայ Եկեղեցին բացարձակապէս աշխարհիկ քաղաքականութիւն կամ դիւանագիտութիւն չի խաղար ցեղասպանութեան ոգեկոչումով։ Ընդհակառակը՝ Քրիստոսաւանդ վարդապետութեան հաւատարիմ Հայ Եկեղեցին կը քարոզէ, թէ Աստուած սէր է, միաժամանակ՝ Աստուած արդար է։ Աստուած սիրով ստեղծած այս ստեղծագործութիւնը իր կատարելութեան պիտի հասցնէ արդար դատաստանով, հրաւիրելով բարիները իրենց բարի վարձատրութեան եւ չարերը՝ իրենց արդար պատիժին։ Հետեւաբար, Հայ Եկեղեցին կայ ու կը մնայ միշտ հաւատարիմ իր այս Քրիստոսաւանդ ճշմարտութեան։ Ճշմարտութիւն մը, որ արեւի նման պայծառ է, ինչպէս Քրիստոս կ՚ըսէ՝ ճրագը կաթսայի տակ չեն պահեր, արդէն իսկ ամէն մարդ կը տեսնէ։

Բայց վա՜յ անոնց, որոնք նայելով կը նային, բայց չեն տեսներ ճշմարտութիւնը։

Վա՜յ անոնց, որոնք հաւատքի եւ հայրենիքի զոհասեղանին վրայ ամբողջ ժողովուրդի մը զոհագործումը կը փորձեն պատմաբաններու յանձնել։

Վա՜յ անոնց, որոնք, դժբախտաբար, ոչխարամատութեամբ եղբայրութիւն կը կնքեն գայլին հետ, որ պատրաստ են յօշոտելու զիրենք եւ հօտը եւ աւերելու փարախը։

Վա՜յ անոնց, որոնք «խաղաղութիւն, խաղաղութիւն» կ՚արձագանգեն, մինչ իրենց  սրտերն ու հոգիները նենգամտութեամբ լեցուն են, որովհետեւ այդ նոյն պատմաբանները պատրաստ են ո՛չ թէ ճանաչում ընծայելու Հայոց Ցեղասպանութեան, այլ, Արեւմտեան Հայաստանը քարտէսներէն բնաջնջելէ ետք, կը փորձեն նաեւ Սուրբ Էջմիածինով, Օշականի գերեզմանով եւ Վարդանանց եւ նահատակներու արիւնով կնքուած մեր սուրբ երկիրը կոչել «Արեւմտեան Ատրպէյճան»։

Սիրելիներ, մենք որպէս հաւատքի ժողովուրդ պիտի շարունակենք մեր ուխտագնացութիւնը կեանքէն դէպի կեանք, հաւատալով որ, ինչպէս մարդիկ փորձեցին թաղել զՔրիստոս՝ Ճշմարտութիւնը, բայց ան յարութիւնը առաւ, նմանապէս յարուցեալ մեր ժողովուրդի կեանքի մէջէն ճշմարտութիւնը պիտի յայտարարուի աշխարհով մէկ։ Եւ եթէ ո՛չ մենք մեր աչքերով, բայց կը հաւատամ որ պիտի գայ հանուր կեանքի արշալոյսը, ե՛ւ մեր զաւակները ե՛ւ մեր թոռները պիտի ողջունեն արդարութեան իրագործումը մեր սուրբ հողին վրայ, փառաւորելով Ամենասուրբ Երրորդութիւնը, յաւիտեանս յաւիտենից, ամէն։