ՆԱՀԱՏԱԿՆԵՐՈՒ ՈԳԵԿՈՉՈՒՄ Ս. ԼՈՒՍԱՒՈՐԻՉ ՄԱՅՐ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ

Հինգշաբթի, 24 Ապրիլին, Թեմիս բարեջան Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Անուշաւան Արքեպիսկոպոսի նախագահութեամբ, Ս. Պատարագ մատուցուեցաւ Ս. Լուսաւորիչ Մայր Եկեղեցւոյ մէջ, ոգեկոչելով Հայոց Ցեղասպանութեան սուրբ նահատակներու յիշատակը։ Պատարագիչն էր Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ (Ռիճֆիլտ, Նիւ Ճըրզի) հոգեւոր հովիւ՝ Հոգշ. Տ. Վաչէ Վրդ. Պալըքճեան։ Պատարագին մասնակցեցան Գերշ. Տ. Թորգոմ Արքեպիսկոպոս (նախկին Առաջնորդ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան Թեմին), Արժպ. Տ. Նարեկ Ա. Քհն. Թրթռեան՝ Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ (Տակլըսթըն, Նիւ Եորք) հոգեւոր հովիւ, Արժպ. Տ. Մեսրոպ Քհն. Լագիսեան՝ Ս. Լուսաւորիչ Մայր Եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ, եւ Արժպ. Տ. Վահան Քհն. Գույումճեան՝ Ս. Խաչ եկեղեցւոյ (Թրոյ, Նիւ Եորք) հոգեւոր հովիւ:
Յաւարտ Ս. Պատարագի, տեղի ունեցաւ մատաղօրհնէք: Գործադրուեցաւ գեղարուեստական կարճ յայտագիր մը, որուն յաջորդեց քայլարշաւը դէպի Եունիըն Սքուէր, կազմակերպութեամբ Հայ Դատի Յանձնախումբի Նիւ Եորքի եւ Նիւ Ճըրզիի մասնաճիւղերուն, եւ Հայ Երիտասարդաց Դաշնակցութեան «Մուշ», «Հայորդիք» եւ «Արսէն» մասնաճիւղերուն։