Առաջնորդարանէն

«ՓՈՔՐ ՄՀԵՐ»Ի ԱՐՁԱՆԻ ՎԵՐԱՆՈՐՈԳՄԱՆ ԾՐԱԳՐԻ ՀԻՄՆԱՐԿԷՔԸ ՖԻԼԱՏԵԼՖԻՈՅ ՄԷՋ

Ֆիլատելֆիոյ հայ համայնքի Armenian Heritage Walk ծրագիրը ուղղուած է վերանորոգելու եւ գեղազարդելու «Փոքր Մհեր» արձանը, գործ՝ ամերիկահայ նշանաւոր քանդակագործ Խորէն Տէր Յարութեանը, որ 1976-ին զետեղուած էր Ֆիլատելֆիոյ թանգարանին դիմացը, իբրեւ համայնքի նուէրը Միացեալ Նահանգներու անկախութեան 200-ամեակին։

Ծրագիր առաջին փուլի հիմնարկէքը տեղի ունեցաւ Կիրակի, 27 Ապրիլին։ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ (Ֆիլատելֆիա) հոգեւոր հովիւ՝ Գերպ. Տ. Պօղոս Ծ. Վրդ. Թինքճեան, կարդաց Թեմիս բարեջան Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Անուշաւան Արքեպոիսկոպոսի ուղերձը։ Սրբազան Հայրը իր խօսքին մէջ ընդգծեց, որ այս ծրագիրը «շօշափելի արտայայտութիւն մըն է մեր հաւատարմութեան ու մեր մնայուն յանձնառութեան այս օրհնեալ երկրի հետեւողական զարգացման»։ Ան յայտնեց նաեւ, թէ Փոքր Մհեր խորհրդանիշն է ազատութեան ու արդարութեան, որոնք ամէն ժողովրդավար երկրի անկիւնաքարերն են, իսկ ան նաեւ կը խորհրդանշէ հայ ժողովուրդի անյաղթահարելի հաւատքը։ Գնահատելի այս ծրագիրը պիտի ծառայէ վեր հանելու հայութեան պատմական, կրօնական ու մշակութային աւանդը ամերիկեան ընկերութեան մէջ։