Prelacy News, Ի՞նչ Պատահեցաւ Այս Շաբաթ Հայոց Պատմութեան Մէջ

ԶԱՀՐԱՏ (ծնունդ՝ 10 Մայիս, 1924)

Զահրատ կը համարուի հայ բանաստեղծութեան նորարար անուններէն մէկը 20-րդ դարու երկրորդ կէսին։

Բուն անունով՝ Զարեհ Եալտըզճեան, ծնած է 10 Մայիս, 1924-ին, Կ. Պոլիս, Նշանթաշ թաղամասը։ 1942-ին աւարտած է Բանկալթըի Վիեննական Մխիթարեան վարժարանը:

1943-ին հրատարակած է իր առաջին բանաստեղծութիւնը «Ժամանակ» օրաթերթին մէջ, Զահրատ գրչանունով։ Աշխատակցած է զանազան թերթերու եւ պարբերականներու։ Այնուհետեւ տարի մը ուսանած է դեղագործական վարժարանի մը մէջ։ Երեք տարի յաճախած է բժշկական համալսարան, սակայն կիսատ ձգելով, իբրեւ սպայ մտած է զինուորական ծառայութեան: Ուսման տարիներուն, միաժամանակ աշխատած է տարբեր բնոյթի գործեր: Զահրատ եղած է Մխիթարեան Սանուց Միութեան հիմնադիր անդամ (1946), ինչպէս նաեւ խմբագիր միութեան «Սան» հանդէսին։ 1956-ին խումբ մը ընկերներով վարած է «Մարմարա» օրաթերթին կիսամսեայ գրական էջերը։ 1963-ին ամուսնացած է Անայիս Անդրէասեանի (1926-2025) հետ։

Զարեհ Խրախունիի հետ, Զահրատ նորարար հոսանքի մը ներկայացուցիչներէն էր, որ ընդհանրական բնոյթի բազմազան նիւթեր թարմ արտայայտութեամբ օժտած է, ընթերցողին մատուցելով խորհրդածութեան եւ իմաստի գիւտեր կատարելու հնարաւորութիւնը։ Հրատարակած է աւելի քան տասնեակ մը բանաստեղծական հատորներ, որոնցմէ ոմանք լոյս տեսած են յետմահու. «Մեծ քաղաքը» (1960), «Գունաւոր սահմաններ» (1968), «Բարի երկինք» (1971), «Կանանչ հող» (1976), «Երկու գարուն մէկ քարով» (1989), «Մաղ մը ջուր» (1995), «Ծայրը ծայրին» (2001), «Ջուրը պատէն վեր» (2004), «Բառ բառի քով» (2007), «Դդումի համ» (2009), «Անտիպ թերթս» (2012)։ 2006-ին իր գործերը ամփոփուած են երկու հատորներով։ Անոր գործերէն պատրաստուած են ընտրանիներ՝ հայերէն եւ օտար լեզուներով (անգլերէն, ֆրանսերէն, վրացերէն, յունարէն, թրքերէն, եւ այլն)։ Անոր քերթուածները թարգմանուած են 22 լեզուներու։ Արժանացած է զանազան շքանշաններու, պատուոյ գիրերու եւ մրցանակներու, ներառեալ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսութեան Ս. Սահակ-Մեսրոպ (1991) եւ Հայաստանի Հանրապետութեան Մովսէս Խորենացի (1999) մետալները։

Մահացած է 21 Փետրուար, 2007-ին, Պոլսոյ մէջ։ Մարմինը ամփոփուած է Շիշլիի հայկական գերեզմանատան մէջ։