Ի ՅԻՇԱՏԱԿ

ԼԵՒՈՆ ՎԱՐԴԱՆԵԱՆ (22 Ապրիլ, 1933-30 Ապրիլ, 2025)

Թեմիս բարեջան Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Անուշաւան Արքեպիսկոպոս, եւ Ազգային Վարչութեան Կրօնական ու Քաղաքական Ժողովները ցաւով իմացան պրն. Լեւոն Վարդանեանի (Լոնկմէտօ, Մէսէչուսէթս) մահը, որ տեղի ունեցած է 30 Ապրիլին, 92 տարեկանին։

Լեւոն (Լէօ) Վարդանեան, զաւակը՝ Նիկողոս եւ Սիրանոյշ Վարդանեաններու, ծնած է 22 Ապրիլ, 1933-ին, Ինտիըն Օրչըրտի մէջ (Մէսէչուսէթս)։ Քիմիական ճարտարագիտութեան ճիւղը աւարտելէ ետք (Rensselaer Polytechnic Institute, 1954), երկու մագիտրոսական տիտղոսներ ստացած է՝ վարչագիտութեան (American International College, 1959) եւ քիմիական ճարտարագիտութեան (Սթանֆըրտ համալսարան, 1967)։ Շուրջ 40 տարի պաշտօնավարած է Մոնսանթօ ընկերութեան մէջ, աշխատելով Միացեալ Նահանգներու, Ճափոնի եւ Պելճիքայի մէջ։

Լեւոն Վարդանեան ամուսնացած է Էլիզապէթ Մանուկեանի հետ 1968-ին, բոյն կազմելով Օհայոյի եւ ապա՝ Լոնկմէտոյի մէջ (Մէսէչուսէթս)։ Նուիրումով ծառայած է Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ (Ինտիըն Օրչըրտ, Մէսէչուսէսթս) բազմաթիւ ձեւերով, ներառեալ հոգաբարձութեան անդամ ու ատենապետ, դպրապետ, Ազգային Երեսփոխական Ժողովի երեսփոխան, Արանց ակումբի անդամ եւ «Արեւ» տեղեկատուի թղթակից։

Համայնքային իր ծառայութիւնը բերած է նոյն նուիրումով, յատկապէս իբրեւ կամաւոր օժանդակելով Սփրինկֆիլտի «Շրայնըրզ» հիւանդաոցին, ուր աւելի քան 3.600 ժամ ծառայած է, ստանալով «Տարուան կամաւոր»-ի տիտղոսը 2019-ին։

Յուղարկաւորութիւնը տեղի ունեցած է Երեքշաբթի, 6 Մայիսին, Ս. Գրիգոր Լուսւաորիչ եկեղեցւոյ մէջ (Ինտիըն Օրչըրտ, Մէսէչուսէթս)։

Առաջնորդ Սրբազան Հայրը, յանուն Կրօնական ու Քաղաքական Ժողովներու, ցաւակցագիր մը ղրկեց այրիին եւ ընտանիքին բոլոր անդամներուն,  որմէ հատուած մը կարելի է տեսնել մեր անգլերէն բաժնին մէջ։

Աստուած հոգին լուսաւորէ։