ՀՌՈՄԻ ՆՈՐ ՊԱՊԸ՝ ԼԵՒՈՆ ԺԴ.

Հինգշաբթի, 8 Մայիսին, ամերիկացի 69-ամեայ ծիրանաւոր Ռոպըրթ Ֆրենսիս Փրեւոսթ Հռոմէական Կաթոլիկ Եկեղեցւոյ նոր պապ ընտրուեցաւ Վատիկանի մէջ, յաջորդելով նորոգ վախճանեալ Ֆրենսիս Պապը։ Միացեալ Նահանգներ ծնած առաջին պապը որդեգրած է Լեւոն ԺԴ. անունը։
Իր առաջին պատգամը ուղղելով Ս. Պետրոս հրապարակը հաւաքուած բազմութեան, Լեւոն ԺԴ. ոգեկոչեց հանգուցեալ Ֆրենսիս Պապը, կոչ ուղղելով անոր ժառանգութիւնը յիշել։ Ան շեշտեց միասնաբար աշխատելու աշխատանքը՝ «կամուրջներ ու երկխօսութիւններ կառուցող եկեղեցի մը» ըլլալու համար, եւ թելադրեց «մեր կարեկցութիւնը ցոյց տալ» այլոց հանդէպ «եւ սիրոյ հետ երկխօսութեան մէջ ըլլալ»։