Առաջնորդարանէն

ՅԻՇԱՏԱԿԵԼԻ ՁԵՌՆԱԴՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ ՈՒՈԹԸՐԹԱՈՒՆԻ ՄԷՋ

Կիրակի, 4 Մայիսին, Թեմիս բարեջան Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Անուշաւան Արքեպիսկոպոս, պատարագեց ու քարոզեց Ս. Ստեփանոս եկեղեցւոյ մէջ (Ուոթըրթաուն, Մէսէչուսէթս)։ Յընթացս Ս. Պատարագի, տեղի ունեցաւ սարկաւագներու, ուրարակիրներու եւ դպիրներու ձեռնադրութիւն։

Խորանին ծառայող դպիրներու եւ դպրաց դասի անդամներու ձեռնադրութիւնը յատկապէս բազմամարդ էր։ Նոր ձեռնադրուած խորանի ծառայող դպիրներն են. Ճոն Տիրան Ճինկոզեան, Զաւէն Պէլ, Փաթրիք Բարսեղ Մըլվի, Ճոզէֆին Քէօմիւրեան, Հրակ Թոքաճեան եւ Ալիք Առաքելեան։ Իսկ դպրաց դասի անդամներն են. Քարէն Այգանեան-Տեմիրճեան, երէցկին Շերըլ Տէփոյեան-Պալճեան, Նայիրի Պալճեան-Պէլ, Թամար Քանարեան, Վանեսա Օվեան, Թալին Օվեան-Շամլեան, Սթիվըն Շամլեան, Սոնա Ասլանեան, Սօսի Աբոշեան-Ներսէսեան, Մայտա Խաչատուրեան-Պետոյեան, Ճիլտա Պալեան, Թալին Սարեան, Ալինա Նալպանտեան, Թամարա Թոքաճեան եւ Մարիամ Ստեփանեան։

Ապա, Սրբազան Հայրը ուրար կրելու իրաւունք շնորհեց Արեգ Համալեանի, Արամ Ստեփանեանի եւ Աւետիս Պէլի։ Այնուհետեւ, Սրբազան Հայրը սարկաւագ ձեռնադրեց Յակոբ Քէչէճեանը եւ Դաւիթ Թորամանեանը, խարտաւիլակութեամբ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ՝ Գերպ. Տ. Հրանդ Ծ. Վրդ. Թահանեանի։ Իր պատգամին մէջ, Սրբազան Հայրը ըսաւ, թէ այս ձեռնադրութիւնները վկայ են մեր ժողովուրդի եւ ժողովուրդի հանդէպ իրենց սիրոյն եւ ծառայութեան։

Ան յայտնեց, թէ նախորդ օրը եկեղեցւոյ պատուակալ հովիւ՝ Տէր Անդրանիկի ծառայութեան 50-ամեակը, երբ հանգստեան կոչուիլը կը նշուէր, այս ձեռնադրութիւնները կու գային վկայելու, որ այդ ծառայութեան ոգին նորահաս սերունդի յանձնառութեան ընդմէջէն առաւել եւս կ՚արմատանայ ի պայծառայութիւն Ս. Ստեփանոս եկեղեցւոյ ի մասնաւորի եւ Հայ Եկեղեցւոյ։