Ի՞նչ Պատահեցաւ Այս Շաբաթ Հայոց Պատմութեան Մէջ

ԳԱՌՆԻԿ ՔԱԼԱՇԵԱՆ (ծնունդ՝ 16 Մայիս, 1885)

Գառնիկ Քաշալեան՝ մեր բանաստեղծութեան վաղամեռիկ անուններէն մէկը,  անցեալ դարասկիզբի արեւելահայ մամուլին մէջ երեւցող դէմք մըն էր։

Ծնած է 16 Մայիս 1885-ին, Վաղարշապատի մէջ: 1906-ին աւարտած է Թիֆլիսի Ներսիսեան դպրոցը: Թիֆլիսի մէջ մասնակցած է հայկական գրական ընկերութեան, ապա` «Վերնատան» աշխատանքներուն, իսկ 1907-ին եղած է Մոսկուայի առեւտուրի հիմնարկի ազատ ունկնդիր: Տիրապետած է քանի մը լեզուներու։

Մոսկուայի մէջ, սերտ կապեր ունեցած է Լազարեան ճեմարանի յեղափոխական ուսանողութեան հետ, մասնակցած է ցոյցերու եւ թռուցիկներ տարածած։ 1909-ին ձերբակալուած է եւ քաղաքական բանտարկեալներու բանտը նետուած:

Քաղաքական գործիչ ու բանաստեղծ, Գառնիկ Քալաշեան հրատարակած է «Ներշնչումներ» (1908) եւ «Բանաստեղծութիւններ» (1916) հաւաքածոները։ Հետեւելով խորհրդապաշտ դպրոցին, սիրոյ, կարօտի, հայրենասիրութեան ու աշնան նուագներուն, միախառնած է պայքարի երգը։

Աշխատակցած է պարբերական մամուլին եւ հրատարակած է գրականագիտական յօդուածներ, ակնարկներ ու թարգմանութիւններ։

1918-ին Քալաշեան անդամակցած է Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան, իսկ 1919-1920-ին Հայաստանի Հանրապետութեան խորհրդարանի անդամ եղած է։

Մահացած է 21 նոյեմբեր 1921-ին, թոքախտէ, Երեւանի մէջ։ Թաղուած է Վաղարշապատ։ Քալաշեանի բազմաթիւ անտիպ բանաստեղծութիւններ յետմահու լոյս տեսած են «Հայրենիք» ամսագրին մէջ։