ԱՆՈՒՇԱՒԱՆ ԵՒ ԳԵՂԱՄ ԱՐՔԵՊԻՍԿՈՊՈՍՆԵՐԸ ՄԱՍՆԱԿՑԵՑԱՆ ԼԵՒՈՆ ԺԴ. ՊԱՊԻ ԳԱՀԱԿԱԼՈՒԹԵԱՆ

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետի տնօրինութեամբ, Թեմիս բարեջան Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Անուշաւան Արքեպիսկոպոս, եւ Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Գեղամ Արքեպիսկոպոս, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը ներկայացուցին Լեւոն ԺԴ. Պապի գահակալութեան, որ տեղի ունեցաւ Կիրակի, 18 Մայիսին, Վատիկանի մէջ։
Սրբազան Հայրերը Կաթողիկոսութեան ողջոյններն ու եղբայրական աղօթքները փոփանցեցին նորընտիր Պապին իր գահակալութենէն ետք։ Անուշաւան Արքեպիսկոպոս, բառախաղ մը ընելով Ս. Գրքին մէջ հոմանիշ «հով» եւ «ոգի» բառերուն միջեւ, Լեւոն ԺԴ. Պապին յայտնեց. «Ձերդ Սրբութիւն, քանի որ դուք զաւակ մըն էք Հովի Քաղաքին [Շիքակօ], կ՚աղօթեմ, որպէսզի ձեր քահանայապետութեան շրջանին Սուրբ Հովը աւելի ազդու կերպով գերակշռէ մարդկութեան վրայ եւ յատկապէս քրիստոնէութեան կեանքին մէջ»։
Հայց. Առաքելական Եկեղեցւոյ նուիրապետական բոլոր աթոռները ներկայացուած էին իրենց պատուիրակներով։ Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածինը կը ներկայացնէին Ամենապատիւ Տ. Սահակ Արքեպիսկոպոս՝ Կ. Պոլսոյ Հայոց Պատրիարք, եւ Գերաշնորհ Տ. Խաժակ Արքեպիսկոպոս՝ Էջմիածնի Վատիկանի մէջ ներկայացուցիչ, իսկ Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարքութիւնը՝ Գերշ. Տ. Կորիւն Եպիսկոպոս եւ Հոգշ. Աղան Վրդ. Գոգճեան։
Շաբաթ, 17 Մայիսին, Անուշաւան եւ Գեղամ Արքեպիսկոսները մասնակցեցան հիւրասիրութեան մը, զոր Խաժակ Արքեպիսկոպոս կազմակերպած էր ի պատիւ Սահակ Պատրիարք Հօր։ Կիրակի, 18 Մայիսին, Պապի գահակալութեան արարողութենէն ետք, Վատիկանը հիւրասիրեց բոլոր պատգամաւորները։ Նոյն երեկոյեան, Հայց. Առաքելական Եկեղեցւոյ ներկայացուցիչները Հռոմի «Լեւոնեան» վարժարանին մէջ ներկայ եղան Հայ Կաթողիկէ Պատրիարք Ռափայէլ-Պետրոս ԻԱ.-ի եւ իր շքախումբին կազմակերպած ընդունելութեան։