Ի՞նչ Պատահեցաւ Այս Շաբաթ Հայոց Պատմութեան Մէջ

ԱՐԿԱԴԻ ՏԷՐ-ԹԱԴԵՒՈՍԵԱՆ (ծնունդ՝ 22 Մայիս, 1939)

Արկադի Տէր-Թադեւոսեան, որ նաեւ ծանօթ էր Կոմանդոս ռազմական անունով, Արցախի առաջին պատերազմի հայկական ուժերու ղեկավարներէն էր ու վարած է Շուշիի ազատագրումը 1992-ին։

Ծնած է Արտուշ Թադեւոսեան անունով Թիֆլիսի մէջ, 22 Մայիս, 1939-ին։ Թիֆլիսի երկրորդական վարժարան մը աւարտելէ ետք, որոշած է զինուորական սպայ ըլլալ, ու այդ նպատակով յաճախած է զինուորական վարժարաններ Պաքուի եւ Լենինկրատի մէջ (այժմ՝ Ս. Փեթերպուրկ)։ Ծառայած է Աֆղանիստանի մէջ եւ իր ծառայութիւնը շարունակած՝ Լենինականի (Գիւմրի), Արեւելեան Գերմանիոյ, Չեխոսլովաքիոյ, Պելառուսի եւ Երեւանի մէջ։ Նաեւ դասախօսած է Հայկական Պետական Ագրարային (երկրագործական) համալսարանին մէջ։

Խորհրդային Միութեան փլուզման իրավիճակը եւ Արցախի մէջ ծնունդ առնող հակամարտութիւնը մղած են Տէր-Թադեւոսեանը մասնակցելու Ատրպէյճանի սահմանին վրայ հայկական գիւղերու ինքնապաշտպանութեան կազմակերպման 1990-ին։ Այնուհետեւ, մեկնած է Արցախ՝ զինուորներ մարզելու։

1991-ին, զինուորական մարզումի կոմիտէի վարիչ նշանակուած է, իսկ 1992-ին՝ «Հարսանիք լեռներում» գործողութեան ղեկավար, որուն շնորհիւ տեղի ունեցած է Շուշիի ազատագրումը 9 Մայիս, 1992-ին։ Շուշիի ազատագրումը հայկական առաջին նշանակալից յաղթանակն էր Արցախի պատերազմին։ Անկէ քանի մը օր ետք,  զօրավարի աստիճանը ստացած է, ինչպէս եւ Մարտական Խաչի առաջին կարգի շքանշանը։ 1996-ին, Հայաստանի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարարի օգնական եղած է, իսկ 2009-ին՝ «Ոսկեայ Արծիւ» շքանշանը եւ Արցախի հերոսի տիտղոսը։

Արկադի Տէր-Թադեւոսեան մահացած  31 Մարտ, 2021-ին, Երեւանի մէջ։ Իր խնդրանքով, թաղուած է ընտանեկան գերեզմանին մէջ՝ Դաւթաշէնի շրջանը։ Մայիս 2021-ին, յետմահու ստացած է Հայաստանի տիտղոսը եւ Հայրենիքի շքանշանը։