ՀԱՒԱՔՈՅԹ Ի ՅԻՇԱՏԱԿ ՓՐՈՖ. ՇԸՊԱՆ ՆԱՇ-ՄԱՐՇԱԼԻ

Չորեքշաբթի, 22 Մայիսի երեկոյեան, Թեմիս բարեջան Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Անուշաւան Արքեպիսկոպոսի հովանաւորութեամբ, տեղի ունեցաւ հաւաքոյթ մը ի յիշատակ Մանհաթընվիլ (Նիւ Եորք) գոլէճի փիլիսոփայութեան դասախօս եւ հայոց իրաւունքներու կորովի պաշտպան՝ փրոֆ. Շըպան Նաշ-Մարշալի, որ անցեալ Դեկտեմբերին մահացած էր 59 տարեկանին։ Հրաւիրուած էին հանգուցեալին գործակիցներ, աշակերտներ ու բարեկամներ։
Հաւաքոյթին բացման խօսքը կատարեց իրաւաբան Արմէն Մորեան։ Խօսք առին դոկտ. Վարդան Մատթէոսեան, դոկտ. Անդրանիկ Գասպարեան եւ հիւրաբար քաղաքս գտնուող իտալահայ գրագիտուհի Անթոնիա Արսլան։ Բոլոր խօսողները վեր առին փրոֆ. Նաշ-Մարշալի բացառիկ անձնաւորութիւնը եւ անոր բազմակողմանի հայանպաստ գործունէութիւնը թէ՛ Ամերիկայի եւ թէ՛ Հայաստանի ու Արցախի մէջ, մտաւորական, հանրային-քաղաքական ու բարեսիրական նպատակներով։ Անի Խաչեան կատարեց ընթերցում մը Շըպան Նաշ-Մարշալի «Ճորճ» վէպէն։ Շրջանիս անուանի երգչուհի սոփրանօ Անուշ Պարքլէյ մեղմանոյշ ձայնով մասնակցեցաւ յայտագրին, երգելով «Սուրբ, Սուրբ», «Տէր, ողորմեա» եւ «Հայր մեր» հոգեւոր երգերը։
Փակման խօսքը արտասանեց Առաջնորդ Սրբազան Հայրը, որմէ ետք տեղի ունեցաւ հիւրասիրութիւն մը։