«ՄՈՒՐԱՏ» ԱԶԳԱՅԻՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ ԱՒԱՐՏԱԿԱՆ ՀԱՆԴՒՍՈՒԹԻՒՆԸ

Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ (Փրաւիտընս, Ռոտ Այլընտ) «Մուրատ» ազգային վարժարանի 2024-25 տարեշրջանի ամավերջի հանդէսը տեղի ունեցաւ Կիրակի, 18 Մայիսին։
Հոգեւոր հովիւ՝ Արժպ. Տ. Գաբրիէլ ՔՀն. Նազարեանի բացման աղօքթէն եւ քայլերգներու երգեցողութենէն ետք, հանդիսավարը՝ տիկ. Արաքսի Սարգիսեան, բարի գալուստ մաղթեց բոլոր ներկաներուն եւ յատկապէս շնորհաւորեց մանկապարտէզի եւ 8-րդ դասարանի շրջանաւարտները։ Աշակերտները իրենց գեղեցիկ ներկայացումներով ջերմացուցին ներկաներուն սրտերը։
Խնամակալ Մարմնի ատենապետ՝ Յակոբ Ա. Սրկ. Խաչատուրեան, բարձր գնահատեց տնօրէնութեան, ուսուցչակազմին, աշակերտութեան ու ընտանիքներուն զոհողութեան ոգին։ Ան քաջալերեց շրջանաւարտները, որ շարունակեն մաս կազմել մեր գաղութին կեանքին։ Համա-տնօրէնուհի՝ Լալա Աթթարեան, ընդգծեց հայ դպրոցի խաղացած դերը շրջանաւարտներուն կեանքին մէջ եւ իր խօսքը փակեց յայտնելով, թէ այս տարուան շրջանաւարտները «յոյսի հունձք» են, որովհետեւ այսօր աւելի քան երբեք հայ ժողովուրդը յոյսի եւ լոյսի կարիքը ունի։
Այս տարի, 8րդ եւ 6րդ դասարանի աշակերտները մասնակցեցան ՀՕՄ-ի ԱՄՆ-ի Արեւելեան Շրջանային Վարչութեան շարադրութեան մրցանքին։ Առ ի քաջալերանք իրենց մասնակցութեան, բոլոր մասնակիցները նուէրներ ստացան ՀՕՄ-ի կողմէ։
Վկայականաց բաշխումէն առաջ, ի պատիւ եօթը շրջանաւարտներուն տեղի ունեցաւ ներկայացում մը, որ բնութագրեց յատկանշելով անոնց տասնամեայ դպրոցական կեանքի տարիները։
8-րդ դասարանի շրջանաւարտներն են՝ Կարէն Զէյթունեան, Պետիկ Զէյթունեան, Արէն Խաչատուրեան, Լիլա Խաչատուրեան, Սարին Խաչատուրեան, Սարգիս Նասր եւ Նատիա Քէչէճեան, իսկ մանկապարտէզի շրջանաւարտները՝ Միլենա Յակոբեան, Ալանիա Ուինբենի, Արամ Սարգիսեան, Ալէք Սարգիսեան, Աթինա Հօլ եւ Գէվըն Կիպս։
Տարեշրջանի աւարտին դպրոցը հրաժեշտ տուաւ համա-տնօրէնուհի՝ տիկ. Ճուն Մանկասարեանին եւ ուսուցչուհի՝ տիկ. Սթէյսի Խաչատուրեանին։ Տիկ. Մանկասարեան, որ վերջին հինգ տարիներուն մեծ ներդրում ունեցած է վարժարանէն ներս, իր հրաժեշտի խօսքով շնորհակալութիւն յայտնե դպրոցի մեծ ընտանիին։ Տիկ. Խաչատուրեան մաս կազմած է «Մուրատ» վարժարանի ուսուցչական կազմին իբրեւ փոխանորդ ուսուցչուհի եւ ապա նախամանկապարտէզի ուսուցչուհի։
Հանդիսութիւնը իր աւարտին հասաւ Տէր Հօր եզրափակիչ քաջալերական խօսքով եւ փակման աղօթքով։