Մեր դպրոցներէն

ՍՐԲՈՑ ՎԱՐԴԱՆԱՆՑ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ԿԻՐԱԿՆՕՐԵԱՅ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ ՇՐՋԱՆԱՒԱՐՏԻՑ ՀԱՆԴԻՍՈՒԹԻՒՆԸ

Կիրակի, 18 Մայիսին, Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ (Փրաւիտընս, Ռոտ Այլընտ) յաւարտ Ս. Պատարագի տեղի ունեցաւ կիրակնօրեայ վարժարանի 8-րդ դասարանի շրջանաւարտից հանդիսութիւնը։

Ձեռնարկը սկսաւ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ՝ Արժպ. Տ. Գաբրիէլ Քհն. Նազարեանի, եւ աւարտական դասարանի ուսուցիչներէն՝ տիկ. Սթէյսի Խաչատուրեանի ուղերձներով։ Իւրաքանչիւր շրջանաւարտ Աստուածաշունչէն հատուած մը կամ համար մը կարդաց ու բացատրեց, թէ ինչպէս ան կը ներշնչէ կամ կը կապուի իր կեանքին հետ։ Այս տարուան շրջանաւարտներն են՝ Մէթիւ Պըրք, Սարին Խաչատուրեան, Լէյլա Խաչատուրեան եւ Արէն Խաչատուրեան։

Ձեռնարկը իր աւարտին հասաւ վկայականներու եւ Աստուածաշունչերու բաշխումով

եւ Տէրունական Աղօթքի երգեցողութեամբ