Առաջնորդարանէն

ԱԶԳԱՅԻՆ ԵՐԵՍՓՈԽԱՆԱԿԱՆ ԺՈՂՈՎԻՆ ԱՇԽԱՏԱՆՔՆԵՐԸ ՍԿՍԱՆ ՈՒՈԹԸՐԹԱՈՒՆԻ ՄԷՋ

Հինգշաբթի, 29 Մայիսէն մինչեւ Շաբաթ, 31 Մայիս, 2025-ի Ազգային Երեսփոխանական Ժողովը տեղի կ՚ունենայ Ուոթըրթաունի (Մէսէչուսէթս) Ս. Ստեփանոս եկեղեցւոյ կազմակերպութեամբ եւ Թեմիս բարեջան Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Անուշաւան Արքեպիսկոպոսի նախագահութեամբ։ Արեւելեան Թեմի կրօնական եւ աշխարհական երեսփոխաններ հաւաքուած են մասնակցելու տարեկան քննարկումներուն, որոնք Ազգային Առաջնորդարանի հոգեւոր եւ վարչական ուղղութիւնը կը ճշդեն։ Հոգեւորականաց համագումարը, նոյնպէս Առաջնորդ Սրբազան Հօր նախագահութեամբ, տեղի ունեցաւ Չորեքշաբթի, 28 Մայիսին։

Այս տարուան Երեսփոխանական Ժողովի բացման նիստին, ժողովականները լսեցին Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսի պատգամը, որ կը նշէր Աւանդութիւններու Վերակենսաւորման Տարին։ Պատգամը ուղղութիւն տուաւ յառաջիկայ նիստերուն, ուր երեսփոխանները պիտի կեդրոնանան ներկայ առաջնահերթութիւններուն եւ մարտահրաւէրներուն վրայ, զորս եկեղեցին եւ ծուխերը կը դիմագրաւեն։ Յառաջիկայ երկու օրերուն, երեսփոխանները տարբեր հարցեր պիտի քննեն, ներառեալ զեկոյցներ Առաջնորդարանի կրօնական, կրթական եւ ֆինանսական գործունէութեան մասին։

«Ինչ որ Եկեղեցին կ՚ընէ աստուածատուր եւ ժողովրդանուէր առաքելութիւն մըն է», ըսաւ Վեհափառ Հայրապետը։ «Առաքելութիւն մը, որ կ՚արտայայտուի կրթութեան, ընկերային ծառայութեան եւ հովուական խնամքի միջոցով»։

Ժողովին ուղղուած իր պատգամով, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը ընդգծեց աւանդութեան կարեւորութիւնը. «Երբ լիովին հասկնանք Աւանդութեան իմաստը, անիկա կը դադրի քարացած միաւոր մը կամ ժամանակավրիպում ըլլալէ. ընդհակառակը, կը դառնայ շարունակականութեան, մշտանորոգութեան եւ նորաստեղծութեան հոյակապ աղբիւր մը, որ ընտանիք մը, համայնք մը եւ ազգ մը իրենց արմատներուն միացած կը պահէ, միաժամանակ ներկայի կարողականութիւննները զօրաշարժի կ՚ենթարկէ յանուն աւելի բարեբեր ապագայի»։

“Crossroads”-ի յաջորդ թիւերով Երեսփոխանական Ժողովի րնթացքին ու որոշումներուն ամբողջական պատկերը պիտի ներկայացնենք ։