ԱՒԱՆԴՈՒԹԻՒՆ՝ ՇԱՐՈՒՆԱԿԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ ԵՒ ՆՈՐԱՐԱՐՈՒԹԵԱՆ ՈՅԺԸ

Ստորեւ կու տանք Թեմիս բարեջան Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Անուշաւան Արքեպիսկոպոսի պատգամը, որ արտասանուեցաւ Հինգշաբթի, 29 Մայիսին, Ազգային Եկեղեցական Ժողովի (Ուաթըրթաուն, Մէսէչուսէսթս) բացման նիստին։
Սիրելիներ,
Կ՛ողջունեմ ձեզ Մեծագոյն Պոսթընի Ջրաւանին մէջ, ուր հաւաքուած ենք որպէս Ազգային Առաջնորդարանի մեծ ընտանիք, որ կը վայելէ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան հովանաւորւթիւնը, քննարկելու եւ արժեւորելու մեր ժողովուրդին մատուցած միամեայ ծառայութիւնը, միաժամնաակ որոնելու նորանոր միջոցներ եւ զանոնք գործադրելու, որպէսզի զօրացնենք մեր առաքելութիւնը եւ վերաշխուժացնենք մեր համայնքները, ի յառաջդիմութիւն մեր ազգին եւ ի փառս Ամենակալին Աստուծոյ։
Այս առթիւ, գոհութիւն կը յայտնեմ Բարերար Աստուծոյ որ մշտապէս մեզի կը հայթայթէ երեւելի եւ աներեւոյթ անհամար բարիքներ։ Որդիական երախտագիտութիւնս կը յայտնեմ Նորին Սուրբ Օծութիւն Տէր Տէր Արամ Ա․Կաթողիկոսին, որ իր յստակ ու մեկին տեսլականով եւ գործնական ցուցմունքներով մեզ կ՛առաջնորդէ, մանաւանդ ներկայի թոհուբոհի մատնուած ընկերութեան մէջ։ Սրտագին շնորհակալութիւնս բոլոր գործակիցներուս՝ Ազգ․ Վարչութեան Կրօնական ու Քաղաքական Ժողովներու եւ Երեսփոխանական Ժողովի անդամ-անդամուհիներուն, Հոգեւոր Հովիւներուն, Հոգաբարձութեանց եւ յարակից Մարմիններուն, քոյր կազմակերպութեանց, Ծխականներուն ու բարերարներուն, որոնցմով մեր նպատակադրած ծրագիրները կեանքի կը կոչենք հաւատքով, յոյսով ու սիրով։
Յատուկ շնորհակալութիւն կ՚ուզեմ յայտնել մեր բոլոր գաղութներու պատասխանատու անձնաւորութեանց, եւ առ հասարակ ժողովրդեան, իրենց ցուցաբերած ջերմ վերաբերումին, որով ուրախութեամբ դիմաւորեցին Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Հայրապետ Նորին Սուրբ Օծութիւն Տէր Տէր Արամ Ա․ Կաթողիկոսի Թեմիս շնորհած երկամեայ հովուապետական այցելութիւնը։ Երախտապարտ ենք Աուրբ Աթոռի գահակալին, որ անխտիր՝ մեծ թէ փոքր մեր բոլոր համայնքները այցելեց առանց նկատի ունենալու աշխարհագրական հեռաւորութիւնները կամ ճամբորդական դժուարութիւնները։ Նոր Կտակարանին մէջ կը կարդանք, թէ Աստուծոյ հրեշտակը տարին անգամ մը Պրոպատիկէի աւազանը կը յուզէր, զայն դարձնելով առողջութեան ու յոյսի աղբիւր։ Նմանապէս, Նորին Սրբութեան այցը ընդհանրութեան մէջ երբ նկատի ունենանք իր պատգամներով, համագումարներով, քաղաքական թէ կրօնական բարձր մակարդակի անձնաւորութեանց հետ հանդիպումներով, Երիտասարդներու հետ անձնական երկխօսութեամբ, պիտի տեսնենք, թէ բանիւ ու գործով ան ներշնչեց մեզ՝ հետապնդելու հաւաքական մեր նպատակները, որպէս հարազատ արտայայտութիւն մեր Հայ-Քրիստոնեայի նկարագրին։ Անթիլիաս մայրավանք վերադարձին, Վեհափառ Հայրապետը անձամբ գովաբանեց Ազգային Առաջնորդարանի հոգեմտաւոր առաքելութեան զարգացումը, նաեւ մեր բոլոր կառոյցներու առողջ գործունէութիւնը եւ համագործակցութիւնը։
Այս տարի համայն Քրիստոնեայ աշխարհը կր տօնախմբէ 1700-ամեակը 325 թուականին Նիկիոյ մէջ տեղի ունեցած տիեզերական առաջին ժողովին, ուր խմբագրուեցաւ մեր հաւատոյ հանգանակը, զոր ամէն պատարագի ընթացքին կ՚արտասանենք։ Միաժամանակ, Արամ Ա․ Կաթողիկոս, շարունակելով իւրաքանչիւր տարի նշանաբանով մը իմաստաւորելու աւանդութիւնը, 2025 տարին հռչակեց «Աւանդութիւնը վերակենսաւորելու Տարի»։ Վեհափառ Հայրապետի հռչակագիրը կարդացուեցաւ մեր բոլոր եկեղեցիներուն մէջ անցնող Յունուար ամսուն։ Նպատակս այստեղ զայն ներկայացնել չէ, այլ պատգամին էութիւնը՝ Աւանդութիւնը վերակենսաւորելը դարձնել Ազգային Առաջնորդարանի եւ առ հասարակ մեր Ծուխերու գործունէութեանց ներոյժը։ Նկատի ունենալով որ իմ խօսքը կ՚ուղղեմ ո՛չ թէ ակադեմական շրջանակի, այլ մեր ժողովուրդի ներկայացուցիչներուն, պիտի փորձեմ գործնականի սահմաններուն մէջ ներկայացնել զայ։
Կասկած չկայ որ այսպէս կոչուած Արուեստական Բանականութեան (Artificial Intelligence) սերունդին համար «աւանդութիւն» բառը ժամանակավրէպ է, որպէս մնացորդը հին աշխարհին։ Այնուամենայնիւ, բոլոր սերունդներու, բայց մանաւանդ մեր ազգի կեանքին մէջ անոր ճշգրիտ իմացումը եւ գործադրումը գոյութենական դերակատարութիւն ունի։ Այս ուղղութեամբ կ՚ուզեմ մէջբերել հատուած մը Վեհափառ Հայրապետի հռչակագրէն, զայն դարձնելով առանցքը իմ մտածումներուս․-
«Անհրաժեշտ է, որ անցեալէն եկող բոլոր բնոյթի մեր աւանդութիւնները վերանայման ենթարկուին: Պատմութեան ընթացքին, միջավայրի ազդեցութիւնը կրած մեր աւանդութիւնները պէտք է որ դառնան համահունչ ներկայ ժամանակներու ոգիին ու պայմաններու դրուածքին ինչպէս նաեւ մեր սպասումներուն ու կարիքներուն, առանց սակայն կորսնցնելու իրենց հիմնական տարրերը ու իւրայատկութիւնը: Այլ խօսքով՝ հարկ է պահել միջուկը եւ բարեփոխել կեղեւը»:
Երբ լիովին հասկնանք Աւանդութեան իմաստը, անիկա կը դադրի քարացած միաւոր մը կամ ժամանակավրիպում (anachronism) ըլլալէ. ընդհակառակը, կը դառնայ շարունակականութեան, մշտանորոգութեան եւ նորաստեղծութեան հոյակապ աղբիւր մը, որ ընտանիք մը, համայնք մը եւ ազգ մը իրենց արմատներուն միացած կը պահէ, միաժամանակ ներկայի կարողականութիւննները զօրաշարժի կ՚ենթարկէ յանուն աւելի բարեբեր ապագայի։ Որեւէ արարք ինքնիր մէջ որքան ալ յաջող ըլլայ, ժամանակի դիմաց կը տժգունի, սակայն երբ յստակ տեսլականով հաւաքաբար շարունակուի՝ ընդարձակելով եւ աւելի խորացնելով իր արմատները, անիկա մաս կը կազմէ հաւաքականութեան մը գոյատեւման բնականոն ընթացքին։
Հետեւաբար, կ՛ուզեմ այս ճշմարտութիւնը դիտարկել Ազգային Առաջնորդարանէն ներս քառասնամեայ փորձառութեանս լոյսին տակ, ձեր հետ բաժնեկցելով կարգ մը պարագաներ նախ Ծուխերու եւ ապա Առաջնորդարանի մակարդակին վրայ։
Ա․ Ծուխեր եւ աւանդութիւն
1) Իւրաքանչիւր Ծուխ իր հիմնադրութնէն ի վեր հաւատքի վերաբերեալ հոգեւոր սնունդի մատակարարման կողքին կանոնաւոր կերպով կազմակերպած է սիրոյ ճաշեր (agape), միաժամանակ տօնավաճառներ (bazaar), դաշտահանդէսներ, մշակութային եւ այլ ձեռնարկներ, զօրացնելով իրենց ինքնութիւնն ու պատկանելիութիւնը։
2) Վերջին շուրջ կէս դարուն Ֆիլատելֆիոյ հայ համայնքը, բազկացած Կիլիկեան ու Էջմիածնական, Կաթողիկէ եւ Աւետարանական եկեղեցիներէ, միասնաբար կ՛ոգեկոչեն Վարդանանց, Եղեռնի նահատակներու եւ Թարգմանչաց տօները, երեւոյթ մը որ բոլորիս մտածել կուտայ համագործակցութեան կարելիութիւնը, վայելելով անոր բարենպաստ արդիւնքը։
3) Ուրիշ պարագայ մը որ աւելի ընդհանրական բնոյթ ունի, եւ յարաբերաբար նորագոյն ժամանակներու ծնունդ է, Հայոց Ցեղասպանութեան հարիւրամեակէն ի վեր աւելի սերտ գործակցութիւն թափ առած է միատեղ սուրբ Պատարագ մատուցելու եւ պահանջատիրական ձեռնարկներ կազմակերպելու։
Ծուխերու առօրեայ կեանքին մէջ կան այլ օրինակներ, որոնք կ՚ապացուցեն այս ցամաքամասին վրայ աւանդութեանց հաստատումը, առողջ եւ տեսլապաշտ ղեկավարներու առաջնորդութեամբ եւ մեր ժողովրդային անվերապահ զօրակցութեամբ, որով միատեղ կը խմբուին, կ՛աղօթեն ու կը գործեն, ամրապնդելով իրենց հաւաքական ինքնութիւնը որպէս մէկ մարմին՝ ընթանալով կեանքէ Կեանք ուխտագնացութեամբ։
Բ․ Ազգային Առաջնորդարան եւ Աւանդութիւն
Երբ ուշադիր կերպով վերատեսութեան ենթարկենք Ազգային Առաջնորդարանի անցնող 68 տարիներու ծառայութեան եւ առաքելութեան համապատկերը, հաստատ կերպով կը տեսնենք աւանդութեան հասկացողութեան առողջ ոգին, որ անտեսանելի կերպով ընդելուզուած է մեր բոլոր աշխատանքներուն մէջ։ Այսպէս՝
1) Ազգային Ուսումնական Խորհուրդը` ANEC, հաստատուած 1960ի սկիզբը, աշխատանքի գլխաւոր դաշտ ունէր միօրեայ հայ դպրոցներուն ուղղութիւն տալ եւ հայթայթել աշխատանքային ծրագիրներ։ 80ական թուականներուն սռեղծեց «Սիամանթօ» լսարանը նախա-քոլէճական սերունդը աւելի սերտօրէն ծանօթացնելու հայ գրականութեան ու պատմութեան։ Իսկ վերջին չորս տարիներուն նոր ակօս մը բացաւ իր ծառայութեան մէջ, հաստատելով Ուսուցիչներու Վերաորակաւորման ծրագիրը, որով դաստիարակները ծանօթացան արդի ուսուցման մեթոտաբանութեան, ինչպէս նաեւ աւելի խորացուցին իրենց հայագիտական պաշարը։
2) Կրօնական Դաստիարակութեան Խորհուրդը՝ AREC, հաստատուած 1980ի սկիզբները, նպատակ ունէր ներդաշնակելու Կիրակնօրեայ վարժարաններու աշխատանքները եւ ըստ այնմ ուղղութիւն տալու տնօրէնութեանց։ 80ի կէսերուն հիմնեց «Սուրբ Գրիգոր Տաթեւացի» լսարանը, ծանօթ՝ «Տաթեւ» անունով, նախ սարկաւագներու համար, իսկ 90ական թուականներու սկիզբը դուռը լայն բացաւ երկսեռ սերունդին առջեւ որպէսզի մեր նորահաս սերունդը աւելի մօտէն ծանօթանայ իր հոգեւոր ու մշակութային հարստութեանց։ Վերջին տասնամեակին Ազգային Վարչութեան Կրօնական Ժողովը, զուգահեռ ARECին, կեանքի կոչեց «Աղ եւ Լոյս», նաեւ Համալսարանական ուսանողաց առաքելութիւնը, ամառնային վարժընթացի (summer internship) ծրագիրը, իսկ ընթացիկ տարւոյս Փետրուար ամսուն հաստատեց Սուրբ Սահակ եւ Մեսրոպ լսարանը, նոր տարածք բանալով կրօնական դաստիարակութեան դաշտին մէջ։
3) Ազգային Առաջնորդարանի տեղեկատու «Կիլիկիա» պարբերաթերթը՝ հաստատուած 1960 թուականներու սկիզբը, 1980ին շարունակուեցաւ ամսօրեայ “Outreach” անունով մինչեւ դարադարձը։ Այնուհետեւ փոխարինուեցաւ անգլերէն շաբաթօրեայ ելեկտրոնային “Crossroads” լրատուով, իսկ վերջին շրջանին նոյն անունով ծանօթ է որպէս երկլեզուեան տեղեկատու՝ հայերէնով ու անգլերէնով։
4) Ազգային Առաջնորդարանի Բարեկենդանի նախօրեակին տօնուող “Feast of Light” հացկերոյթը, պահելով իր նպատակը, վերածուեցաւ «Գոհաբաբնութեան» տօնախմբութեան, հրաւիրելով մեր ժողովուրդի զաւակները հաւաքաբար շնորհակալութիւն յայտնելու Ամենակալ Աստուծոյ իր պարգեւած երեւելի եւ աներեւոյթ բոլոր բարիքներուն համար։
5) Եւ վերջապէս, Երեւանի մէջ գործող Սուրբ Ներսէս բարեսիրական հստատութիւնը, հիմնուած՝ Հայաստանի երկրաշարժէն ետք, իսկ պաշտօնապէս 1993-ին, աստիճանական ձեւով հովանաւորեց մարդասիրական ու մշակութային տարբեր ծրագրեր, իսկ վերջին երկու տարիներուն ակադեմական մակարդակով կը գործակցի Գրողներու Միութեան հետ, հաստատելով յատուկ մրցանակ։
Այստեղ կ՛ուզեմ սրտի ամենայն գոհունակութեամբ արձանագրել, թէ վերջին եօթը տասնամեակներուն Առաջնորդարանի բոլոր ծրագիրները ժամանակի պահանջքներուն ընթացք տալով միշտ նորոգուեցան, քայլ պահելով արհեստագիտութեամբ օժտուած նոր սերունդի գործընթացքին, ինչպէս նաեւ գոհացում տալով մեր ժողովուրդի ծարաւին, ի խնդիր հոգեմտաւոր ինքնութեան առողջ պահպանման։
Այս բոլորին դիմաց հարկ է շեշտել որ այս բոլորին իրականացումը կը պարտինք Առաջնորդարանիս Ծուխերուն, պատկան մարմիններուն եւ մանաւանդ մեր ժողովուրդի մշտահոս ազնուասրտութեան։
Հուսկ բանի, երբ ամենայն գիտակցութեամբ պահպանենք մեր դարաւոր եկեղեցական, ազգային եւ ընկերային աւանդութիւնները, եւ խթան դարձնենք նորարարութեան, միշտ ներդաշնակելով ժամանակակից պահանջքներուն եւ պայմաններուն, պիտի վկայենք որ Արամ Ա․ Կաթողիկոսի պատգամը մեր հաւաքական կեանքը կենսաւորող մշտահոս աղբիւր մը կը դառնայ։
Թեմիս Կրօնական ժողովը, յատուկ ուշադրութիւն դարձնելով այս նիւթին, Հովիւներուն միջոցաւ կը քաջալերէ մեր հաւատացեալները որ Ծննդեան ու Զատկի Խթման ճրագալոյցի մոմերը տուն տարուին եւ այս առթիւ տնօրհնէքի աւանդութիւնը վառ պահուի, նոր վաճառատան կամ աշխատանքի առթիւ յատուկ օրհնութիւն կատարուի, Տեառնընդառաջի հրավառութիւնը, Համբարձման տօնի «վիճակ»ը, Վարդավառի ջուր սրսկումը, Աստուածածնայ տօնի Խաղողօրհնէքը, Խաչի տօնի ռեհանօրհնէքը եւ նման աւանդութիւններ շէնցնեն մեր հաւաքական կեանքը։
Թող որ Աւանդութիւնները պահպանելու եւ նորոգելու ոգին, որուն արմատները կը գտնենք Աստուածաշունչին մէջ, ջրդեղուած դարերու ընթացքին մեր նախահայրերու խնկելի հաւատարմութեամբ, մեզ եւս ներշնչեն, որպէսզի վերարժեւորենք մեր կեանքը՝ լի աստուածգիտութեամբ եւ մեր ժողովուրդի իտէալներու իրագործումով։ Մեր ժառանգած հոյակապ աւանդութիւնները ընդելուզելով ներկայի մեր պայմաններուն եւ փորձառութեան, թող զօրանան եւ բարգաւաճին առհասարակ մեր բոլոր Ծուխերը ի յառաջդիմութիւն մեր ազգին եւ ի փառս Աստուծոյ։