Ի՞նչ Պատահեցաւ Այս Շաբաթ Հայոց Պատմութեան Մէջ

ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԱԶԱՐԻԱ ՋՈՒՂԱՅԵՑԻ (մահ՝ 2 Յունիս, 1602)

Ազարիա Ջուղայեցի 16-րդ դարու ամենէն նշանաւոր կաթողիկոսներէն մէկը եղած է, յատկանշուելով իբրեւ ուսուցիչ եւ իբրեւ կաթողիկոս։

Ազարիա Ջուղայեցի, որ նաեւ ծանօթ է Շահկերտցի անունով, ծնած է Երնջակ գաւառի Շահկերտ աւանը։ Ունեցած է երեք եղբայր։ Եղած է Ներսէս Գնունեցիի (Ամկեցի) աշակերտը։ Կրօնական գործունէութիւն ունեցած է իր ծննդավայրին, Հալէպի եւ Սիսի մէջ։

Հալէպի մէջ վարդապետական դպրոց բացած է, ուր եւ դասաւանդած է։ Անոր աշակերտներէն եղած են Մեսրոպ Տաթեւացի, Յակոբ Զէյթունցի, Յովհաննէս Անթէպցի եւ Մկրտիչ Խարբերդցի վարդապետները։

Հեղինակած է «Մեկնութիւն քերականութեան» աշխատութիւնը։ Գրած է նաեւ շարք մը տաղեր, որոնցմէ 7-ը հասած են մեր օրերը, հիմնականին՝ կրօնական բովանդակութեամբ։

Ազարիա Ջուղայեցի Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոս Խաչատուր Բ. Երաժիշտի (1560-1584) աթոռակից եւ յաջորդ եղած է։ Երկու կաթողիկոսները բանակցութիւններ վարած են Վատիկանի հետ, փորձելով որոշ զիջումներու գնով քաղաքական շահ ապահովել յօգուտ հայ ժողովուրդին, որ կը հարստահարուէր թէ՛ Կիլիկիոյ եւ թէ՛ Հայաստանի մէջ։ Հռոմը շարունակած է իր աւանդական քաղաքականութիւնը՝ Հայց. Եկեղեցւոյ միացումը պայման դնելով իրմէ ակնկալած օգնութիւնը շնորհելու համար։

Վատիկանի հետ բանակցութիւնները շարունակելու պատճառով, Ազարիա Ջուղայեցի Կաթողիկոս 1586-ին գահէն զրկուած է։ Այնուհետեւ, 1591-1592-ին Պոլսոյ Պատրիարք եղած է։ 1592-ին Սիս վերադառնալով, վերստին գրաւած է կաթողիկոսական աթոռը։ Երուսաղէմի Պատրիարքութիւնը իր ծանր պարտքերու ճնշումէն ազատելու համար, ձեռնարկած է ազգային հանգանակութեան, Ս. Յակոբի վանքը ազատելով արաբ պարտապահանջներէն։ Վախճանած է 2 Յունիս, 1601-ին, Սիսի մէջ։ Թաղուած է Հալէպի Ս. Քառասնից Մանկանց եկեղեցւոյ մէջ։