ԱՆՈՒՇԱՒԱՆ ԱՐՔԵՊԻՍԿՈՊՈՍ ԸՆԴՈՒՆԵՑ «ՃԻՆԻՇԵԱՆ» ՀԻՄՆԱԴՐԱՄԻ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑԻՉՆԵՐԸ

Երեքշաբթի, 3 Յունիսին, Թեմիս բարեջան Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Անուշաւան Արքեպիսկոպոս, ընդունեց տիկ. Էլիզա Մինասեանը՝ «Ճինիշեան» հիմնադրամի գլխաւոր գործադիր տնօրէն, որուն կ՚ընկերակցէր տիկ. Քրիստինէ Դանիէլեանը՝ նոյն հիմնադրամի Լիբանանի տնօրէն։ Այցելութեան ընթացքին, քննարկուեցաւ հիմնադրամի բարեսիրական գործունէութիւնը Հայաստանի, Արցախի եւ Միջին Արեւելքի մէջ։