ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀԱՅՐԸ ՀԱՆԴԻՊԵՑԱՒ Հ. Յ. ԴԱՇՆԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ԿԵԴՐ. ԿՈՄՒՏԷԻՆ ՀԵՏ

Շաբաթ, 31 Մայիսին, Թեմիս բարեջան Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Անուշաւան Արքեպիսկոպոս, հանդիպեցաւ Հ.Յ. Դաշնակցութեան Արեւելեան Շրջանի Կեդր. Կոմիտէին հետ «Հայրենիք» շէնքին մէջ (Ուոթըրթաուն, Մէսէչուսէթս)։ Հ. Յ. Դաշնակցութեան Բիւրոյի անդամ Խաժակ Մկրտիչեան մասնակցեցաւ հանդիպումին։
Զրոյցը կեդրոնացաւ հայաշխարհի ներկայ վիճակին վրայ Հայաստանէն մինչեւ Միացեալ Նահանգներ եւ յատկապէս Արեւելեան Թեմին մէջ։ Քննուեցաւ նաեւ համագործակցութեան կենսական դերը ինքնութեան պահպանման ու ապագայի կերտման մէջ։