Առաջնորդարանէն

ԱՍԹԸՐ ԿԻՒԶԷԼԵԱՆ՝ ԱԶԳԱՅԻՆ ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆԻ ՏԱՐՈՒԱՆ ՄԱՐԴԸ

Հինգշաբթի, 29 Մայիսին, Ազգային Երեսփոխանական Ժողովի առաջին նիստէն ետք, Համբարձման տօնին առիթով յատուկ Ս. Պատարագ մատուցուեցաւ Ս. Ստեփանոս եկեղեցւոյ մէջ (Ուոթըրթաուն, Մէսէչուսէթս)։ Արժպ. Տ. Դանիէլ Քհն. Մանճիկեան՝ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ (Կրանիթ Սիթի, Իլինոյ) այցելու հովիւ, պատարագեց ու քարոզեց։

Յաւարտ Ս. Պատարագի, ճաշկերոյթ մը տեղի ունեցաւ Ս. Ստեփանոս եկեղեցւոյ սրահին մէջ։ Ընթրիքի աւարտին, գործադրուեցաւ յատուկ յայտագիրը։ Հոգաբարձութեան փոխ-ատենապետուհի Սոնիա Յակոբեանի բացման խօսքէն ետք, խօսք առաւ գնդ. Արամ Սարաֆեան՝ Ազգային Վարչութեան ատենապետ։ Գերպ. Տ. Հրանդ Ծ. Վրդ. Թահանեան, Ս. Ստեփանոս եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ, շնորհակալութիւն յայտնեց Տիկնանց Միութեան իր կազմակերպական անխոնջ աշխատանքին եւ հոգաբարձութեան՝ ժողովի կազմակերպութեան աջակցութեան համար, միաժամանակ գնահատելով երեսփոխաններուն ներկայութիւնը։

Այնուհետեւ, Հայր Սուրբը ներկայացուց չորս խօսողները, որոնք տարբեր սերունդներու վկայութիւնը բերին պրն. Աստոր Կիւզէլեանի մասին, որ Ազգային Առաջնորդարանի Տարուան Մարդը հռչակուած էր։ Պրն. Կիւզէլեան եկեղեցւոյ հիմնադիրներէն մէկը եղած է ու անցնող եօթ տասնամեակներուն անոր ամուր սիւներէն մէկը։ Հոգեւոր հովիւը, Չարլզ Արսլանեան, Լիւսի Հիւսեան եւ Արամ Ուլիկեան հիացումի եւ դրուատիքի իրենց խօսքերը յայտնեցին անձի մը մասին, որ Ս. Ստեփանոս եկեղեցւոյ նուիրուածութեան տիպար մը հանդիսացած է։ Անոնք յիշեցին պրն. Կիւզէլեանի մեծ հօր խօսքերը, որոնք հասարակաց մտահոգութիւն մը եղած էին՝ «Մեզմէ ետք ո՞վ պիտի գայ», բայց սերունդէ սերունդ այդ մտահոգութիւնը յաղթահարուած է մինչեւ օրս, եւ մեծարեալի թոռները այսօր աշխոյժ մասնակցութիւն կը բերեն եկեղեցւոյ կեանքին մէջ։

Թեմիս բարեջան Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Անուշաւան Արքեպիսկոպոս, բարձրօրէն գնահատեց պրն. Կիւզէլեանը իբրեւ Ս. Ստեփանոս եկեղեցւոյ կնքահայրը եւ անոր բարգաւաճման մեծագոյն սատարողներէն մէկը, ինչպէս նաեւ որպէս Ազգային Առաջնորդարանի մնայուն բարեկամ եւ օժանդակ։

Մեծարեալը չկարողացաւ ներկայ ըլլալ հիւանդութեան պատճառով, եւ անոր անունով իր որդին՝ Մայքլ Կիւզէլեան, որ ազգային երեսփոխան է, յուզիչ ուղերձ մը արտասանեց։