ԱՐԱՄ ՄԵՐԱՆԳՈՒԼԵԱՆ (ծնունդ՝ 8 Յունիս, 1902)

Երգահան ու երաժիշտ Արամ Մերանգուլեան կարեւոր դեր ունեցած հայ ժողովրդական երաժշտութեան արդի ոճի ձեւաւորման մէջ։
Ծնած է 8 Յունիս, 1902-ին, Գողթն գաւառի (Նախիջեւան) Ցղնա գիւղը։ 1922-1926 թուականներուն ղեկավարած է քանի մը սիրողական երաժշտական խումբեր։ 1926-1928-ին (թառ) եւ 1937-1942-ին (ստեղծագործութիւն) ուսանած է Երեւանի երաժշտանոցին մէջ։ 1927-ին հիմնած եւ մինչեւ 1967 ղեկավարած է Հայաստանի հեռատեսիլի եւ ձայնասփիւռի ժողովրդական գործիքներու համոյթը, որ իր մահէն ետք կոչուած է Արամ Մերանգուլեանի անունով։ Այդ համոյթին նշանաւոր մեներգիչներու շարքին եղած են Յովհաննէս Բադալեան, Ռուբէն Մաթեւոսեան, Նորայր Մնացականեան, Օֆելիա Համբարձումեան, Վարդուհի Խաչատրեան եւ ուրիշներ, իսկ մենակատարներու շարքին՝ Լեւոն Մադոյեան, Վաչէ Յովսէփեան, Անժելա Աթաբէկեան, եւ այլն։
1931-1933-ին՝ երաժշտանոցին մէջ, ապա 7 տարի Ռոմանոս Մելիքեանի անուան երաժշտական ուսումնարանին մէջ դասաւանդած է ժողովրդական գործիքներու դասարանին մէջ։ 1959-ին արժանացած է Հայաստանի ժողովրդական արուեստագէտի կոչման։
Արամ Մերանգուլեան ձայնային (օրինակ՝ «Լեռներ հայրենի», «Դու ինձ համար» երգերը) եւ գործիքային ստեղծագործութիւններով, ինչպէս եւ ժողովրդական երգերու եւ պարեղանակներու բազմաթիւ մշակումներով նպաստած է հայկական երաժշտութեան մէջ այժմ տիրապետող ոճի ձեւաւորման։ Գրած է նաեւ «Սայաթ-Նովա» հեռատեսիլային շարժանկարի երաժշտութիւնը։
Մերանգուլեան թառի նուագի իր սկզբունքներն ու փորձը շարադրած է յատուկ ձեռնարկի մը մէջ, որ անտիպ մնացած է։ Անոր որոշ գործերը հրատարակուած են առանձին, իսկ 1972 թուականին՝ հաւաքածոյով։
Մահացած է 17 Նոյեմբեր, 1967-ին, Երեւանի մէջ։