Մեր ծուխերէն

ՀԱՄԲԱՐՁՄԱՆ ՏՕՆԸ՝ ՆԻՒ ՊՐԻԹԸՆԻ ՄԷՋ

Կիրակի, 1 Յունիսին, Նիւ Պրիթընի (Քընէթիքըթ) Ս. Ստեփանոս եկեղեցւոյ մէջ Քրիստոսի Համբարձման եւ Երկրորդ Ծաղկազարդի տօներուն առիթով, պատարագեց եւ քարոզեց եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ՝ Խորէն Արքեպիսկոպոս: Ապա, հաւատացեալներուն մեծամասնութիւնը ներկայ գտնուեցաւ Համբարձման Տօնի առիթով աւանդական վիճակին, որ կազմակերպուած էր եկեղեցւոյ սրահին մէջ։ Սրբազան Հայրը նախ բացատրեց Համբարձման խորհուրդը եւ ապա մանրամասնօրէն անդրադարձաւ հայկական աւանդութեան:

Ընդառաջելով  հովիւի կոչին, մեծեր ու պզտիկներ սափորով ջուր բերին եւ լեցուցին ծաղիկներով ծածկուած տաշտին մէջ: Ապա, իւրաքանչիւր անհատ  առարկայ մը ձգեց տաշտին մէջ: Հովիւը, դպիրի մը օժանդակութեամբ, սկսաւ վիճակի արարողութեան եւ Սրբազան Հօր կողմէ պատրաստուած հոգեւոր, ազգային, իմաստասիրական եւ գրական հատուածներու ընթերցումով հաճելի մթնոլորտ մը յառաջացաւ: Բոլոր ներկաները իրենց գոհունակութիւնը յայտնեցին, թէ առաջին անգամ նման ձեռնարկի մը ներկայ կ՛ըլլան:

Ձեռնակը իր աւարտին հասաւ «Հայր Մեր»ով եւ Սրբազան Հօր «Պահպանիչ» աղօթքով։ Բոլոր ներկաները իւրայատուկ նուէր մը ստացան՝ աղօթքներով միասին, պատրաստուած տիկ. Ժանէթ Բաբէլեանի եւ հովիւին կողմէ: