ՄԵԼԻՆԷ ԳԱՐԱԳԱՇԵԱՆ (1943 – 30 Մայիս, 2025)

Թեմիս բարեջան Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Անուշաւան Արքեպիսկոպոս, եւ Ազգային Վարչութեան Կրօնական ու Քաղաքական Ժողովները ցաւով իմացան, որ Ուրբաթ, 30 Մայիսին, դոկտ. Մելինէ Գարագաշեան իր մահկանացուն կնքած է Միտըլթաունի (Նիւ Ճըրզի) մէջ, 82 տարեկան հասակին։
Դոկտ. Գարագաշեան ծնած էր Ապրիլ 1943-ին, Պէյրութի մէջ, Մեծ Եղեռնի վերապրողներ Յակոբ եւ Վերժին Ժամկոչեաններու ընտանիքին մէջ։ Իր նախնական ու երկրորդական ուսումը ստացած է Ս. Նշան վարժարանին եւ Նշան Փալանճեան Ճեմարանին մէջ: Ֆրանսական պաքալորէայի փորձառական գիտութիւններու ճիւղին հետեւած է Միջազգային գոլէճին մէջ: Այնուհետեւ հաստատուած է Նիւ Ճըրզի նահանգը (Միացեալ Նահանգներ), ուր աւարտած է նախ Ռաթկըրզ համալսարանի հոգեբանութեան ճիւղը, իսկ յետոյ դպրոցական եւ համայնքային հոգեբանութեան մագիստրոսական ու բժշկական մանկական հոգեբանութեան դոկտորական տիտղոսներ ստացած է Սիթըն Հոլ համալսարանէն։ Հայեցի բոյն մը կազմած է Նուպսր Գարագաշեանի հետ եւ բախտաւորուած երեք զաւակներով՝ Շանթ, Սեպուհի եւ Լոռի։
Իր մասնագիտական աշխատանքի ծիրին մէջ, Հայ Օգնութեան Միութեան հոգեբուժական յատուկ ծրագրի կամաւոր եղած է, հոգեբանական անհրաժեշտ օժանդակութիւն բերելով Հայաստանի 1988-ի երկրաշարժի եւ Արցախի առսջին պատերազմի աղէտեալներուն։ Անոր ծառայութիւնը արժանացած է Հայաստանի նախագահներու դրուատիքին։ Դասաւանդած է նաեւ Երեւանի պետական համալսարանին մէջ երկու ուսումնական շրջաններու ընթացքին։
Սեպտեմբեր 11, 2001-ի ահաւոր աղէտէն ետք, դասաւանդած է Նիւ Ճըրզիի Հոգեբանութեան Ընկերակցութեան անդամներուն եւ գնահատուած է նահանգի Մտային Առողջութեան Ընկերակցութեան եւ Ամերիկեան Հոգեբանութեան Ընկերակցութեան նախագահներուն կողմէ:
Գրած է անգլերէն ու հայերէն գիտական յօդուածներ։ Հրատարակած է
«Ցեղասպանութեան հոգեցնցումն ու ազգային ինքնութիւնը» (2006), «Կոմիտաս. հոգեբանական վերլուծում մը» (2011) եւ «Կոմիտաս. Մեծ Եղեռնի զոհը» (2015)։ Վերջինս լոյս տեսած է նաեւ անգլերէն։
Յուղարկաւորութիւնը տեղի ունեցած է Երեքշաբթի, 3 Յունիսին, Ս. Ստեփանոս եկեղեցւոյ մէջ (Էլպըրոն, Նիւ ճըրզի)։
Առաջնորդ Սրբազան Հայրը, յանուն Կրօնական ու Քաղաքական Ժողովներու, իր ցաւակցութիւնները կը յայտնէ ամուսնոյն, զաւակներուն, թոռներուն եւ բոլոր հարազատներուն։
Աստուած հոգին լուսաւորէ։