ՈՒԱՅԹԸՆԶՎԻԼԻ ԿԻՐԱԿՆՕՐԵԱՅ ԴՊՐՈՑԸ ՏԱՐԻՆ ՓԱԿԵՑ

Կիրակի, 1 Յունիսին, Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ (Ուայթընզվիլ, Մէսէչուսէթս) կիրակնօրեայ վարժարանը տարին փակեց հանդէսով, որ կազմակերպուած էր տիկ. Անի Նալպանտեանի կողմէ։ Յաւարտ Ս. Պատարագի, աշակերտները, իրենց ուսուցիչներու ուղեկցութեամբ, տարուան ընթացքին իրենց սորվածները ցոյց տուին։
Իւրաքանչիւր աշակերտ վկայական մը ստացաւ իր իրագործումներուն համար։ Աւարտին, տեղի ունեցաւ հիւրասիրութիւն։