Առաջնորդարանէն

ՏԻԿՆԱՆՑ ՄԻՈՒԹՒՒՆՆԵՐՈՒ ՀԱՄԱԳՈՒՄԱՐԸ

29-30 Մայիսին, Արեւելեան Թեմի Առաջնորդարանի Տիկնանց Միութիւններու Ազգային Ընկերակցութիւնը, զուգահեռ Ազգային Երեսփոխանական Ժողովին, գումարեց իր տարեկան ժողովը Ուոթըրթաունի մէջ։

Ընդհանուր ժողովի բացման նիստին մասնակցելէ ետք, պատուիրակները առանձին իրենց ժողովը գումարեցին։ Պեքի Մկրտիչեան՝ Ս. Ստեփանոս եկեղեցւոյ (Ուոթըրթաուն, Մէսէչուսէթս) Տիկնանց Միութեան ատենապետուհի, բարի գալուստ մաղթեց ներկաներուն։ Յաջորդական երկու օրերուն, քննարկուեցան միջոցներ եւ առաջարկներ՝ իւրաքանչիւր Տիկնանց Միութեան յանձնառութիւնն ու ծառայութիւնը ուժեղացնելու համար։ Ներկայացուցիչները իրենց ծուխերու գործունէութեան ընդհանուր վիճակը ներկայացուցին, միաժամանակ գաղափարներ ու թելադրանքներ առաջարկելով։ Ուրբաթ առաւօտ, Թեմիս բարեջան Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Անուշաւան, խօսեցաւ համագումարին, իր աջակցութիւնն ու քաջալերութիւնը յայտնելով։

Սարինէ Քըննինկհէմ՝ «Ս. Գրիգոր Տաթեւացի» ամառնային լսարանի շրջանաւարտ, խանդավառ կերպով խօսեցաւ իր փորձառութեան մասին ծրագրի չորս տարիներուն ընթացքին։ Տեղի ունեցաւ տարեկան վիճակահանութիւնը, որուն արդիւնքը կը տրամադրուի «Ս. Գրիգոր Տաթեւացի» լսարանին եւ Առաջնորդարանի որբերու օժանդակութեան ծրագրին։