ԱԶԳԱՅԻՆ ԵՐԵՍՓՈԽԱՆԱԿԱՆ ԺՈՂՈՎԻ ՈՐՈՇՈՒՄՆԵՐԸ

29-31 Մայիսին Ուոթըրթաունի մէջ (Մէսէչուսէթս) տեղի ունեցած Ազգային Երեսփոխանական Ժողովի ընթացքին, Արեւելեան Թեմի վարչական բարենորոգումներու եւ հոգեւոր դաստիարակութեան որոշումներ վաւերացուեցան ի շարս այլ նիւթերու։
Ուրբաթ, 30 Մայիսին, տարբեր յանձնախումբեր քննարկեցին օրակարգին առաջադրած հարցերը եւ օրուան վերջաւորութեան իրենց բանաձեւերը ներկայացուցին ժողովին առ ի քուէարկութիւն։
Որոշուեցաւ ստեղծել յատուկ յանձնախումբ մը, որ վերատեսութեան պիտի ենթարկէ իւրաքանչիւր ծուխի երեսփոխաններու թիւի բանաձեւումը եւ վերագնահատէ երեսփոխաններու նուազագոյն եւ առաւելագոյն թիւը, նաեւ անդրադառնալով տուեալներու հաւաքումի բարեփոխումին։ Վերոյիշեալին հետ կապուած որոշում մը հաստատեց իւրաքանչիւր ծուխի մէջ անդամակցութեան եւ համայնքի հետ կապի յանձնախումբերու ստեղծումը, որոնք աստիճանական զարգացման տեղեկագիրներ պիտի ներկայացնէ մինչեւ 2026-ի Ազգային Երեսփոխանական Ժողովը։ Շեշտը պիտի դրուի անդամներու ճշգրիտ թիւի անհրաժեշտութեան եւ ծխական կեանքի կայուն մասնակցութեան վրայ, ծուխի կենսունակութիւնը ապահովելու համար։
Նոյնպէս վաւերացուեցաւ հոգեւոր դաստիարակութեան նախաձեռնութիւն մը, որ կ՚ընդգրկէ բազմակի լրատուամիջոցներու (multimedia) զարգացում, փոքր տարիքի զաւակներ ունեցող ծնողներու յատուկ ուշադրութիւն, խոկառնումի հաւաքոյթներ (retreat) եւ համակարգուած ծանուցում Առաջնորդարանի Քրիստոնէական Դաստիարակութեան բաժանմունքի եւ «Ս. Սահակ եւ Մեսրոպ» նորահաստատ լսարանի միջոցով։
Երեսփոխանները ուրիշ որոշումով խրախուսեցին լաւագոյն փորձառութիւններու համակարգուած փոխանակումը հոգաբարձութիւններու միջեւ, շեշտելով 25-40 տարեկան երիտասարդներ ներգրաւելու անհրաժեշտութիւնը։
Ֆինանսական յանձնախումբը մանրամասն զեկոյցէն ետք, որոշուեցաւ վիճակագրական յաւելեալ թափանցիկութիւն ստեղծել, հաստատելով պիւտճէի բազմամեայ համեմատութիւններ, բաժանմունքներու ծախսերու առաւել յստակացում եւ ֆինանսական ծրագրումի ու նպատակներու զուգորդում։
Խիստ արդիւնաւէտ օրուան մը աւարտին, հիւրընկալ ծուխը՝ Ս. Ստեփանոս եկեղեցին, երեսփոխանները հիւրասիրեց յատկապէս պատրաստուած ընթրիքով մը եկեղեցւոյ պարտէզին մէջ։ Ընթրիքի աւարտին, Գերշ. Տ. Խորէն Արքեպիսկոպոս՝ Ս. Ստեփանոս (Նիւ Պրիթըն, Քընէթիքըթ) եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւը, ներկայացուց Համբարձման տօնին հետ կապուած վիճակի աւանդութիւնը եւ շարք մը երիտասարդուհիներ իբրեւ կամաւոր մասնակցեցան վիճակահանութեան։