ԱԶԳԱՅԻՆ ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ՎԱՐՉՈՒԹԵԱՆ ԼԻԱԳՈՒՄԱՐ ՆԻՍՏ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՄԷՋ

11-13 Յունիսին, Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ տեղի կ՚ունենան Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Ազգային Կեդրոնական Վարչութեան եւ Կրօնական Ժողովի լիագումար նիստերը, նախագահութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի։ Նիստերուն կը մասնակցին Թեմիս բարեջան Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Անուշաւան Արքեպիսկոպոս, եւ Ազգային Վարչութեան ատենապետ՝ գնդ. Արամ Սարաֆեան, որոնք ներկայացուցին Ազգային Առաջնորդարանի գործունէութեան միամեայ տեղեկագիրը։ Առաջնորդ Սրբազան Հայրը նաեւ զեկոյց մը ներկայացուց Կրօնական Ժողովին։