ԱԶԳԱՅԻՆ ՎԱՐՉՈՒԹԵԱՆ ԿՐՕՆԱԿԱՆ ԵՒ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ ԺՈՂՈՎՆԵՐՈՒ ԸՆՏՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ

Շաբաթ, 31 Մայիսի առաւօտեան, տեղի ունեցաւ Ազգային Երեսփոխանական Ժողովի եզրափակիչ նիստը, որուն ընթացքին կատարուեցաւ Ազգային Վարչութեան Կրօնական ու Քաղաքական Ժողովներու անդամներու ընտրութիւն։ Կրօնական Ժողովի անդամներ վերընտրուեցան Գերպ. Տ. Արտակ Ծ. Վրդ. Արապեան, Արժպ. Տ. Հրանդ Քհն. Գէորգեան եւ Արժպ. Տ. Միքայէլ Քհն. Տէր Խոսրովեան։ Քաղաքական Ժողովի անդամներ վերընտրուեցան դատաւոր Քրիսթա Յարութիւնեան, Թամար Քանարեան, Ռիչըրտ Քանարեան եւ Ռաֆֆի Ուրլեան, եւ ընտրուեցաւ Ալինա Քոչումեան, որ փոխարինեց իր պաշտօնավարութեան շրջանը աւարտած Հուրի Տաղլեանին։
Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի վաւերացումէն ետք, Անուշաւան Արքեպիսկոպոս նախագահեց Ազգային Վարչութեան Կրօնական ու Քաղաքական ժողովներու առաջին գումարումներուն, որ տեղի ունեցան Հինգշաբթի, 5 Յունիսին։
Առցանց ժողովին ընթացքին, Կրօնական Ժողովի ատենապետ ընտրուեցաւ Գերպ. Տ. Պօղոս Ծ. Վրդ. Թինքճեան՝ հոգեւոր հովիւ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ (Ֆիլատելֆիա, Փէնսիլվէնիա), իսկ Արժպ. Տ. Հրանդ Քհն. Գէորգեան՝ հոգեւոր հովիւ Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ (Տիրպորն, Միշիկըն), վերընտրուեցաւ իբրեւ ատենադպիր։ Ժողովի միւս անդամներն են՝ Գերպ. Արտակ Ծ. Վրդ. Արապեան՝ հոգեւոր հովիւ Ս. Երրորդութիւն եկեղեցւոյ (Ուստր, Մէսէչուսէթս), Արժպ. Տ. Միքայէլ Տէր Խոսրովեան՝ հոգեւոր հովիւ Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ (Ուայթընզվիլ, Մէսէչուսէթս) եւ Արժպ. Տ. Մեսրոպ Քհն. Լագիսեան՝ հոգեւոր հովիւ Ս. Լուսաւորիչ Մայր Եկեղեցւոյ (Նիւ Եորք)։
Ազգային Վարչութեան Քաղաքական Ժողովը վերընտրեց նախորդ դիւանը (ատենապետ՝ գնդ. Արամ Սարաֆեան, փոխատենապետ՝ Ռիչըրտ Քանարեան, ատենադպիր՝ Թամար Քանարեան, եւ գանձապահ՝ Ռաֆֆի Ուրլեան)։ Խորհրդականներն են՝ Ճոն Գըլընճեան, Արամ Յովակիմեան, դատաւոր Քրիսթա Յարութիւնեան, Բարշ. Յակոբ Ա. Սրկ. Խաչատուրեան եւ Ալինա Քոչումեան։