ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆ՝ ՌԱՖԱՅԷԼ ԼԵՄՔԻՆԻ ԳԵՐԵԶՄԱՆԻՆ

Ուրբաթ, 6 Յունիսին, Թեմիս բարեջան Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Անուշաւան Արքեպիսկոպոս, այցելեց Մաունթ Հեպրոն գերեզմանատունը (Քուինզ, Նիւ Եորքի), իր յարգանքը մատուցելու «ցեղասպանութիւն» բառի գիւտարար ու սահմանող՝ իրաւաբան Ռաֆայէլ Լեմքինի (1900-1959) գերեզմանին, ծննդեան 125-ամեակին առիթով։ Այս տարի նաեւ կը նշուի ֆրանսահայ նշանաւոր խմբագիր ու հանրային գործիչ Շաւարշ Միսաքեանի (1884-1957) կողմէ «ցեղասպանութիւն» բառի իր ներկայ իմաստով առաջին գործածութեան (1945) 80-ամեակը։