ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ՎԵՐԱՆՈՐՈԳՄԱՆ ԵՒ ՅԱՆՁՆԱՌՈՒԹԵԱՆ ԿՈՉ Կ՚ՈՒՂՂԷ

Ազգային Երեսփոխանական Ժողովին ուղղուած իր պատգամով, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս Մեծի Տանն Կիլիկիոյ խորհրդածեց աւանդութեան կարեւորութեան, Հայ Եկեղեցւոյ առաքելութեան եւ վերանորոգման մասին։ Ստորեւ թարգմանաբար կու տանք պատգամին ամբողջութիւնը, որ տեսերիզով ներկայացուած էր բացման նիստին (29 Մայիս)։
Կ՚ողջունեմ ձեզ հայրական օրհնութեամբ եւ քրիստոնէական սիրոյ ոգիով։ Դուք անգամ մը եւս համախմբուած էք իբրեւ մեր Եկեղեցւոյ ու ժողովուրդի ներկայացուցիչներ՝ Առաջնորդարանի գործը գնահատելու եւ յաջորդ շրջանի առաջնահերթութիւնները հաստատելու։
Ըստ էութեան, դէպի յառաջ նայելու համար վերանորոգ հաւատքով եւ ամուր յանձնառութեամբ, պէտք է դէպի ետեւ նայինք, այսինքն՝ գնահատենք կատարուած գործը իր իրագործումներով եւ ձախողութիւններով։ Եկեղեցւոյ կատարածը աստուածատուր եւ ժողովրդանուէր առաքելութիւն մըն է որ կը դրսեւորուի դաստիարակութեան, ընկերային ծառայութեան եւ հովուական խնամքի միջոցով։ Եկեղեցւոյ առաքելութեան այս ոլորտները պէտք է առաջնահերթ կարեւորութիւն ունենան ձեր օրակարգին մէջ։
Աշխարհի մը մէջ կ՚ապրինք, որ կը գտնուի մնայուն փոփոխութեան եւ վերափոխման մէջ ։ Հետեւաբար, մեր Եկեղեցւոյ առաքելութիւնը իր բոլոր ձեւերով ու արտայայտութիւններով պէտք է նշանակալից ըլլայ եւ համաքայլ ընթանայ արդի աշխարհի իրականութեան հետ։
Եկեղեցին չ՚ապրիր մեկուսացումի մէջ, այլ ընկերութեան լիիրաւ անդամ մըն է։ Եկեղեցին կոչուած է կամուրջ մը կառուցելու իր հաւատացեալներուն եւ ընկերութեան միջեւ, պահպանելով իր հիմնական արժէքները։
Ինչպէս գիտէք, այս տարին հռչակած եմ Աւանդութիւններու Վերակենսաւորման Տարի։ Աւանդութիւնը համայնքի մը կամ կրօնքի մը հոգեւոր եւ մշակութային յատկանիշներուն, ապրելակերպին, ձգտումներուն եւ ըմբռնումներուն արտայայտութիւնն է։ Կրօնքերը, եկեղեցիները կամ համայնքները յաճախ կը յատկանշուին իրենց աւանդութիւններով։
Աւանդութիւնը, անշուշտ, ինքնութեան զօրաւոր նշան մըն է։ Ներկայի ու անցեալի կապ մըն է նաեւ, շարունակականութիւնը կ՚ապահովէ։ Աւանդութիւնը միութեան արտայայտութիւնն է. մարդիկ զիրար կապուած են իրենց հասարակաց աւանդութեամբ։
Չեմ կրնար երեւակայել համայնք մը, կրօնք մը կամ եկեղեցի մը Միացեալ Նահանգներուն մէջ, որ աւանդութիւն չունենայ։ Պէտք է հաւատարիմ ըլլանք մեր աւանդութիւններուն։ Պօղոս Առաքեալ կ՚ըսէ՝ հաստատուն կեցէք, ու պահեցէք աւանդութիւնները (Բ. Թես. 2.15)։ Մեր աւանդութիւնները պէտք է նորոգուին եւ վերակենսաւորուին, եւ համատեղելի դառնան նոր իրականութիւններու եւ պայմաններու։ Կը հաւատամ որ մեր ընտանիքները, մեր կազմակերպութիւնները եւ յատկապէս մեր եկեղեցին գործնական դեր մը պէտք է խաղան մեր աւանդութիւնները պահպանելու եւ զանոնք ապագայ սերունդներուն հաղորդելու ուղղութեամբ։
Մեր ծուխերուն վերջին այցելութիւններս ինծի օգնեցին աւելի լաւ հասկնալ մեր Եկեղեցւոյ ու համայնքին դիմագրաւած մտահոգութիւններն ու մարտահրաւէրները։
Կը հաւատամ որ աշխատանքային յարաբերութիւնը Առաջնորդարանի ու ծխական եկեղեցիներու միջեւ պէտք է աւելի կազմակերպուի փոխադարձ այցելութիւններու եւ համատեղ նախաձեռնութիւններու միջոցով։ Ծխական մակարդակին վրայ, եկեղեցին պէտք է աւելցնէ իր անդամակցութեան թիւը եւ, ժողովուրդին ուղղուած ծրագիրներով, ծխականները ներգրաւէ եկեղեցւոյ կեանքին ու վկայութեան մէջ։ Հոգեւորականներու դերը վճռական է եկեղեցւոյ կեանքը վերանորոգելու եւ վերակենսաւորելու մէջ։
Վերջապէս, կը յուսամ ձեզ տեսնել յառաջիկայ Նոյեմբերին՝ իմ կաթողիկոսական ձեռնադրութեան 30ամեակի տօնակատարութեան առթիւ։
Կ՚ուզեմ խորին գնահատութիւնս յայտնել Գերշ. Տ. Անուշաւան Արքեպիսկոպոսին իր նուիրեալ ծառայութեան համար։ Պարտ եմ գնահատել հոգեւորական դասուն, Ազգային Վարչութեան եւ Ազգային Երեսփոխանական Ժողովին յանձնառու կեցուածքը մեր եկեղեցւոյ ծառայութեան ի խնդիր։
Թող Աստուած օրհնէ եւ առաջնորդէ ձեզ ձեր քննարկումներուն եւ որոշումներուն մէջ։
ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ