ՅԱՏՈՒԿ ՏՕՆԱԿԱՏԱՐՈՒԹԻՒՆ ՈՒՈԹԸՐԹԱՈՒՆԻ ՄԷՋ

Կիրակի, 1 Յունիսին, Ազգային Երեսփոխականան Ժողովի աւարտէն ետք, յատուկ նշանակութեամբ Ս. Պատարագ մատուցուեցաւ Ս. Ստեփանոս եկեղեցւոյ մէջ (Ուոթըրթաուն, Մէսէչուսէթս), նախագահութեամբ Թեմիս բարեջան Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Անուշաւան Արքեպիսկոպոսի։ Պատարագիչն էր Գերպ. Տ. Արտակ Ծ. Վրդ. Արապեանի՝ հոգեւոր հովիւ Ս. Երրորդութիւն եկեղեցւոյ (Ուստըր, Մէսէչուսէթս), իսկ քարոզիչը՝ Տ. Հրանդ Ծ. Վրդ. Թահանեան՝ հոգեւոր հովիւ Ս. Ստեփանոս եկեղեցւոյ։
Ս. Պատարագը կը զուգադիպէր Զարեհեան Դպրեվանքի դասընկեր Հայր Սուրբերուն կուսակրօն քահանայութեան 15-ամեակին։ Անոնց ձեռնադրութիւնը տեղի ունեցած է 6 Յունիս, 2010-ին։
Իր քարոզին մէջ, Հայր Հրանդ կեդրոնացաւ ծառայութեան այն տեսլականին վրայ, որուն կոչուած ենք Աստուծոյ կողմէ։ Ան երախտագիտութիւն յայտնեց, որ առիթը ունի ծառայելու եւ տօնելու նուիրեալ հոգեւոր հօր եւ եղբօր հետ։ Յիշելով, որ այս տարի Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի գահակալութեան 30-ամեակն է, Հայր Հրանդ, մէջբերելով Վեհափառ Հայրապետի պատգամ մը, ըսաւ, թէ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ միաբանութեան անդամի մը կեանքը կրնայ ամփոփուիլ երիցս կրկնուած մէկ բառով՝ ծառայութիւն։
Յաւարտ Ս. Պատարագի, եկեղեցւոյ աստիճաններուն վրայ տեղի ունեցաւ Հայաստանի Հանրապետութեան դրօշակի օրհնութիւն, ՀՄԸՄ-ի սկաուտներու եւ ՀԵԴ-ի անդամներու մասնակցութեամբ, Հայաստանի առաջին Հանրապետութեան 107-րդ տարեդարձին առթիւ։ Աղօթքի եւ «Մեր հայրենիք»ի երգեցողութենէն ու դրօշակի արարողութենէն ետք, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը ներկաներուն ուղղեց մեր հայրենիքին ու ազգին հանդէպ վերանորոգ յանձնառութեան ներշնչող խօսքեր։ Ան բարձրօրէն գնահատեց Ս. Ստեփանոս եւ Ս. Երրորդութիւն եկեղեցիները, յարակից մարմինները եւ քոյր կազմակերպութիւնները, որոնք նախանձախնդրօրէն կը ծառայեն շրջանի մեր ժողովուրդին։ ՀՄԸՄ-ի սկաուտները, որոնք այդ շաբաթավերջին իրենց բանակումը ունեցած էին, հաւաքոյթը աւարտեցին փակման արարողութեամբ։
Այնուհետեւ, տեղի ունեցաւ հիւրասիրութիւն եկեղեցւոյ սրահին մէջ։