Ի՞նչ Պատահեցաւ Այս Շաբաթ Հայոց Պատմութեան Մէջ

ՌԱՈՒԼ ԱՍԼԱՆ (մահ՝ 17 Յունիս, 1958)

Ռաուլ Ասլան Աւստրիոյ ամենէն ժողովրդական դերասաններէն մէկն էր 1920-1950-ական թուականներուն։

Բուն անունով՝ Ռաուլ Ասլանեան, ծնած է 16 Հոկտեմբեր, 1886-ին, Թեսաղոնիկէի մէջ։ Հայրը՝ Չարլզ Ասլանեան, ծխախոտի վաճառական մըն էր Էտիրնէէն (Ադրիանուպոլիս), իսկ մայրը՝ Եգիպտոս հաստատուած իտալական ընտանիքէ մը կը սերէր։ Ասլանի եղբայրը՝ Տիտիէ Ասլան (1894-1978), նոյնպէս դերասան եղած է։

Ասլանի մայրենի լեզուն ֆրանսերէնն էր, եւ մեծցած է վիեննացի խնամակալի մը շունչին տակ։ 1896-ին փոխադրուած է Վիեննա մօր հետ, ուսման նպատակով։ Դերասանական հետաքրքրութիւնը աւելի զօրաւոր եղած է, քան դպրոցական ոչ այդքան փայլուն ընթացքը, եւ 1906-էն սկսած է թատերական գործունէութիւնը, խաղալով Համպուրկի, Վիեննայի, Կրացի, Շթութկարտի եւ այլ քաղաքներու մէջ, մինչեւ որ 1917-ին Վիեննայի մէջ ստացած է կարեւոր դեր մը, իսկ 1920-ին նոյն քաղաքի հռչակաւոր Պուրկթէաթէրը մտած է, ուր իր կեանքը անցուցած է իբրեւ դերասան եւ բեմադրիչ (1945-1948)։ 1918-ին առաջին անգամ նկարահանուած է շարժանկարի մը մէջ, բայց նախընտրած է թատրոնը աւելի քան շարժապատկերը, ուր մէջ ընդ մէջ խաղացած է աւստրիական եւ գերմանական ժապաւէններու մէջ մինչեւ 1955։

Ասլան Վիեննայի հանդիսատեսին նախասիրած դերասաններէն մէկն էր։ Խաղացած է գլխաւորաբար դասական եւ բարդ կերպարներ, թէեւ ատակ էր անցնելու ողբերգութենէն զաւեշտ առանց դժուարութեան։ 1920-1944 թուականներուն տարեկան մինչեւ 12 տարբեր դերեր խաղացած է։

Նացի Գերմանիոյ կողմէ Աւստրիոյ կցումէն ետք Մարտ 1938-ին, Ասլան ցուցակագրուած է Կէպպէլսի կողմէ իբրեւ նացիական պետութեան կարեւոր արուեստագէտներէն մէկը։ Սակայն, 1940-ին, նացի իշխանութիւնները Ասլանը հրեայ նկատած են, ինչպէս սովոր էին ընել շատ մը հայերու պարագային։ Դերասանը, որ բարեպաշտ կաթոլիկ էր, կապ հաստատած է Վիեննայի Մխիթարեան միաբանութեան հետ, խնդրելով մկրտութեան վկայական մը։ Միաբանութիւնը ընդառաջած է վկայականով մը, որ կը փաստէր թէ Ասլան քրիսոնեայ եւ արիացի էր (հայերը իբրեւ «արիացի» ընդունուած էին Գերմանիոյ ներքին գործոց նախարարութեան 1933-ի հրովարտակով)։

Բ. Աշխարհամարտի աւարտէն ետք, Ասլան վերադարձած է թատերական ու շարժապատկերային գործունէութեան մինչեւ մահը (Seewalchen am Attersee, 17 Յունիս, 1958)։ Թաղուած է Վիեննայի մէջ։