Մեր դպրոցներէն

«ՍԻԱՄԱՆԹՕ» ԼՍԱՐԱՆԻ ՇՐՋԱՆԱՒԱՐՏԻՑ ՀԱՆԴԻՍՈՒԹԻՒՆԸ

Շաբաթ, 8 Յունիսին, «Սիամանթօ» լսարանի 2024-25 տարեշրջանի շրջանաւարտից հանդիսութիւնը տեղի ունեցաւ Ազգային Առաջնորդարանին մէջ։ Օրուան հանդիսավարն էր Ուսումնական Խորհուրդի վարիչ տնօրէնուհի՝ տիկ. Հերա Մախուլեան։ Բարի գալուստի խօսքէն ետք, ձեռնարկը սկսաւ Թեմիս բարեջան Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Անուշաւան Արքեպիսկոպոսի աղօթքով։ «Սիամանթօ» լսարանի տնօրէնուհի՝ տիկ. Անի Ներսէսեան, եւ Ազգային Առաջնորդարանի դիւանապետ՝ դոկտ. Վարդան Մատթէոսեան, իրենց շնորհաւորութեան խօսքերը ուղղեցին երեք շրջանաւարտներուն՝ Վահան Չաղլասեան (Նիւ Ճըրզի), որ անձամբ ներկայ էր, եւ Զաւէն Գուշագճեան ու Կրեկորի Փափազեան (Պոսթըն), որ առցանց միացան։ Իրենց սրտի խօսքերով, աշակերտները իրենց երախտագիտութիւնն ու շնորհակալութիւնը յայտնեցին պատասխանատու մարմիններուն եւ ուսուցչակազմին։ Ուսուցիչներէն տիկ. Լենա Նազարեան (Տիթրոյթ) եւ պրն. Ռաֆիի Ռշտունի (Փրաւիտընս) (երրորդ ուսուցիչը՝ պրն. Արթուր Աթոյեան, Երեւանէն, բացակայ էր), իրենց հերթին, նոյնպէս գնահատանքի եւ քաջալերանքի խօսքեր ունեցան երեք շրջանաւարտներուն հանդէպ, ինչպէս նաեւ նախկին շրջանաւարտ Նարեկ Գասարճեան եւ ՀՕՄ-ի Շրջանային Վարչութեան անդամ տիկ. Մարկրէթ Պապիկեան։

Առաջնորդ Սրբազան Հայրը իր շնորհաւորանքի խօսքը յայտնեց շրջանաւարտ պատանիներուն եւ յոյժ գնահատեց անոնց ծնողները, որոնք զիրենք առաջնորդած էին դէպի «Սիամանթօ» լսարան։ Ան նաեւ վեր առաւ Ուսումնական Խորհուրդի եւ վարիչ տնօրէնուհիի աշխատանքը, որ նախանձախնդրօրէն  որակեալ ծրագրեր կը մշակէ մեր նորահաս սերունդի դաստիարակութեան համար։ Սրբազան Հօր պահպանիչով փակուեցաւ հանդիսութիւնը։

Ուսումնական Խորհուրդը կը շնորհաւորէ շրջանաւարտները եւ կը մաղթէ որ իրենց ստացած գիտելիքները բաժնեն իրենց շրջապատին հետ։ Յատուկ շնորհակալութեան խօսք կ՚ուղղէ նաեւ նուիրեալ ուսուցիչներուն, որոնք ճիգ չխնայեցին իրենց աշխատանքին մէջ։