ԱԶԳԱՅԻՆ ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ՎԱՐՉՈՒԹԵԱՆ ԿՐՕՆԱԿԱՆ ՈՒ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ ԺՈՂՈՎՆԵՐՈՒ ԼԻԱԳՈՒՄԱՐ ՆԻՍՏԵՐԸ ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԷՋ

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի նախագահութեամբ, Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ 10-14 Յունիսին տեղի ունեցան Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Ազգային Կեդրոնական Վարչութեան Կրօնական ու Քաղաքական ժողովներու լիագումար նիստերը: Այս առիթով, նիստերուն հրաւիրուած էին Կաթողիկոսութեան բոլոր թեմերու առաջնորդներն ու Ազգային Վարչութիւններու ներկայացուցիչները: Ժողովին ներկայացան նաեւ Կաթողիկոսութեան բոլոր հաստատութիւններու եւ հիմնարկներու տնօրէններն ու խնամակալութիւններու ներկայացուցիչները՝ զեկուցելու իրենց գործունէութեան մասին:
Նիստերու օրակարգերուն մաս կը կազմէին Դպրեվանքի, Խորէն Ա. Կեդրոնի, Թռչնոց Բոյնի, Ազունիէի Ազգային Բուժարանի, Ազգային Ծերանոցի, քրիստոնէական դաստիարակութեան, Աստուածաշունչի թարգմանութեան, ծիսական բարեկարգումի, միջ-եկեղեցական ու միջ-կրօնական յարաբերութիւններու, «Կիլիկիա» մատենադարանի, «Կիլիկիա» թանգարանի, Հայոց Ցեղասպանութեան Որբերու «Արամ Պէզիքեան» թանգարանի, «Կիլիկիա Վերլուծական Հարթակ»-ի, Կաթողիկոսարանի տեղեկատուական բաժանմունքի, երիտասարդական բաժանմունքի, շինարարական, տնտեսական ու վարչական, ինչպէս նաեւ մշակութային բնոյթի, քահանայից պատրաստութեան, «Հասկ» պաշտօնաթերթի եւ իւրաքանչիւր թեմի ընդհանուր գործունէութեան վերաբերող հարցեր ու ծրագրեր:
Այս շրջագիծին մէջ նաեւ քննարկուեցան սփիւռքեան մեր թեմերու վերակազմակերպման, երիտասարդացման, արդի ժամանակներու համահունչ ծրագիրներ մշակելու անհրաժեշտութեան եւ աշխատանքներու նոր մեթոտներու որդեգրման կարելիութիւնները:
Ժողովը հաստատեց, որ Ազգային Ընդհանուր Ժողովի բանաձեւերուն ընդառաջ, հետզհետէ առանցքային գործունէութեան ու գործելաձեւի կը վերածուին Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան ընդհանուր աշխատանքները յատկանշող համախմբումն ու մասնագիտացումը։
«Նուիրապետական աթոռներու եւ Հայաստանի Հանրապետութեան հետ յարաբերութիւններ» օրակարգին տակ, ժողովը յատուկ կերպով քննարկեց Հայաստանի իշխանութիւններու ձեռնարկած յարձակողական վերաբերումը Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսին եւ Սուրբ Էջմիածինի բարձրաստիճան հոգեւորականներուն դէմ: Այս առումով, ժողովը արձանագրեց.
ա) Հայաստանի Հանրապետութեան սահմանադրութեան համապատասխան կէտերը ճշդած են հիմնադրոյթներ պետութիւն-եկեղեցի յարաբերութիւններուն մասին, որոնք հիմնականին մէջ կը սահմանեն անոնց անջատ ըլլալը եւ, հետեւաբար, եկեղեցւոյ անկախութիւնը: Նման միջամտութիւններու արծարծումը Սահմանադրութեան կը հակասէ:
բ) Եկեղեցւոյ եւ եկեղեցականներու վերաբերեալ հարցերը կը քննուին եկեղեցական կանոնագրութեան համաձայն: Արդ, պետութիւնը իրաւական որեւէ հիմք չունի եկեղեցւոյ ու եկեղեցականներու առնչուած հարցերու գծով միջամտելու:
գ) Եկեղեցական հարցերուն հրապարակային քննարկման համար օգտագործուած ոճը խիստ դատապարտելի է։
դ) Հայրենիքի դիմագրաւած գոյութենական խնդիրներուն ու անոր ապահովութեան սպառնացող իրավիճակին դիմաց, անհրաժեշտ է նպատակային աշխատանք, մերժելով բաժանարար ու պառակտիչ փորձեր:
ե) «Մէկ ազգ, մէկ եկեղեցի» սկզբունքէն մեկնած, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը, ինչպէս միշտ, այս հանգրուանին եւս կը զօրակցի Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսութեան, մերժելով ամէն ոտնձգութիւն անոր դէմ:
Ժողովը գոհունակութեամբ ընդգծեց, որ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան թեմերը կազմակերպ են եւ կենսունակ: Հակառակ միջին արեւելեան իրադարձութիւններուն եւ ապահովութեան սուր խնդիրներուն, շրջանի մեր պատմական թեմերը կը շարունակեն իրենց աշխոյժ եւ ժողովրդանուէր գործունէութիւնը:
Ժողովական աշխատանքներու աւարտին, Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը շեշտեց, յարափոփոխ պայմաններէն մեկնած, մեր թեմական թէ ընդհանուր գործունէութեան նոր հայեցակարգ մշակելու, նոր մեթոտաբանութիւն որդեգրելու եւ յատկապէս մեր կառոյցները երիտասարդացնելու հրամայականը: Ան նաեւ յիշեցուց Սփիւռքի վերակազմակերպման ու վերակենսաւորման նոր մղում տալու անհրաժեշտութիւնը: Վերջապէս, Նորին Սրբութիւնը ընդգծեց մեր գերագոյն ու ընդհանրական արժէքներու ու իտէալներու շուրջ համախմբուելու կարիքը մեր Հայրենիքի ու ազգը դիմագրաւած տագնապներուն դիմաց, հեռու՝ ներքին բեւեռացումներ յառաջացնող քայլերէ:
«Պէզիքեան» կեդրոնին հիմնարկէքը
Ժողովի ծիրին մէջ, Ուրբաթ, 13 Յունիսին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետի նախագահութեամբ ու օրհնութեամբ, «Պէզիքեան» կեդրոնին հիմնարկէքը կատարուեցաւ Մայրավանքի շրջափակին մէջ: Արարողութեան ներկայ էին բարերար ընտանիքի անդամներ՝ Ալէքքօ Պէզիքեան, զաւակը՝ Զարեհ, եւ թոռը Անի Պէզիքեաններ, ինչպէս նաեւ Կրօնական ու Քաղաքական ժողովներու անդամները, թեմակալ առաջնորդները ու թեմերու Ազգային Վարչութիւններու ներկայացուցիչները:
Հայրապետական օրհնութեան իր խօսքին մէջ Վեհափառ Հայրապետը յիշեց, որ Ալէքքօ ու Անի Պէզիքեանները Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան մեծագոյն բարերարներէն եղած են եւ այսօր անոնց զաւակը՝ Զարեհը, նոյն ոգիով կը հետեւի իր ծնողքի օրինակին։ Հանգուցեալ Անի Պէզիքեան մնայուն ներկայութիւն եւ մղիչ ոյժ եղած է այս ընտանիքին կատարած բոլոր բարերարութիւններուն։ Ալէքքօ Պէզիքեան Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան հաւատարիմ բարեկամներէն մէկը կը շարունակէ ըլլալ։
Պէզիքեան Կեդրոնը պիտի ներառէ հանդիսասրահ, բազմանպատակ սրահ, համագումարներու ու ժողովական հանդիպումներու յատուկ սրահներ, հիւրասենեակներ եւ յարակից այլ բաժիններ, որոնք օժտուած են ներկայ ճարտարագիտական առաւելութիւններով: