Ի՞նչ Պատահեցաւ Այս Շաբաթ Հայոց Պատմութեան Մէջ

ԳԱՌՆԻԿ ԱՆԱՆԵԱՆ (ծնունդ՝ 22 Յունիս, 1934)

Հայրենի գրականագէտ ու հրապարակագիր Գառնիկ Անանեան ծնած է 22 Յունիս, 1934-ին, Իջեւանի մէջ։ 1958-ին աւարտած է Երեւանի համալսարանի բանասիրական ճիւղը։ Ւջեւանի մէջ լրագրական եւ վարչական պատշօններ վարելէ ետք, 1962-1965-ին սորված է Երեւանի համալսարանի դոկտորական բաժնին մէջ եւ 1965-ին պաշտպանած է առաջին դոկտորականի (թեկնածուական) աւարտաճառը՝ 1890-ական թուականներուն հայ գեղարուեստական գրականութեան եւ քննադատութեան ներկայացումը Թիֆլիսի «Մուրճ» ամսագրին մէջ։ 1982-ին ստացած է երկրորդ դոկտորականը՝ «Եղիշէ Չարենց (կեանքի եւ ստեղծագործութեան պրոբլեմներ)» աւարտաճառով։

1965-ին սկսած է դասաւանդել Երեւանի համալսարանին մէջ, իսկ 1977-1985-ին համալսարանի հրատարակչատան տնօրէնը եղած է։ 1985-1996 թուականներուն համալսարանի բանասիրական ճիւղի տեսուչը եղած է։ 2000-ին, լրագրութեան ամպիոնի հիմամբ ստեղծած է համալսարանի լրագրութեան ճիւղը, որուն տեսուչը դարձած է մինչեւ մահը։ 2006-ին Գիտութիւններու Ակադեմիայի թղթակից անդամ ընտրուած է։ 1974-ին Հայաստանի Գրողներու Միութեան անդամակցած էր։

Գառնիկ Անանեան հրատարակած է 26 գիրքեր,  որոնց շարքին՝ Եղիշէ Չարենցին նուիրուած երեք հատոր (Եղիշէ Չարենցը եւ ռուս գրականութիւնը», 1979, «Չարենցի հետ», 1980, «Եղիշէ Չարենց», 1987), Նիկոլ Աղբալեանի մասին երկու հատոր («Նիկոլ Աղբալեան քննադատ», 1989, «Նիկոլ Աղբալեան. կեանքը եւ գրական-հրապարակախօսական գործունէութիւնը», 2002) յօդուածներու երեք հատոր («Որոնուներ», 1974, «Յօդուածներ», 1981, «Հրապարակախօսութիւն եւ քննադատութիւն», 1995, «Ակնարկներ հայոց հին եւ միջնադարեան հրապարակախօսութեան», 2005), «Ներսէս Լամբրոնացին հրապարակախօս» (1995), եւ այլն։

Մահացած է 20 Նոյեմբեր 2007-ին, Երեւանի մէջ։