ՍԻԱՄԱՆԹՈՅԷՆ ՄԻՆՉԵՒ «ԱՍՏՂԱԾՈՐԱՆ ԴՐՕՇ»-Ը
Սիամանթոյի բանաստեղծութիւնը՝ «Ափ մը հող, հայրենի տուն», որ նուիրուած է իր ծննդավայրին՝ Ակնի յիշատակին, հրատարակուած է եղերաբախտ բանաստեղծի «Հոգեվարքի եւ յոյսի ջահեր» հաւաքածոյին մէջ (1907) եւ աւելի քան հարիւր տարիէ ի վեր չէ դադրած յուզելէ սրտերը։
Ինչպէս յայտնի է, Սիամանթօ յարութիւն տուած է քիչ գործածուած բառերու եւ չէ վարանած նորաբանութիւններ ստեղծելէ։ Անոնցմէ մէկը աստղածորան բառն է, որ կը յայտնուի բանաստեղծութեան առաջին տան մէջ.
Աւա՜ղ, ապարանքի մը պէս մեծ էիր եւ շքեղ,
Ու ես երդիքներուդ սպիտակ կատարէն,
Աստղածորան գիշերներու յոյսին հետ,
Վարէն, ահեղավազ Եփրատին կ’ունկնդրէի…։
Այս բարդ բառը աստղ եւ ծոր(իլ) (հոսիլ) բառերէն կազմուած է։ Ծոր արմատը դարձած է ծորակ բառին աղբիւրը։
Սիամանթօ կրնար աստղազարդ սովորական բառը գործածած ըլլալ, բայց բանաստեղծութիւնը յաճախ անսովորութեան արտայայտութիւնն է, յատկապէս Մեծ Եղեռնի զոհ մեծ բանաստեղծի գործերուն մէջ։
Սիամանթոյէն ետք, աստղածորան բառը երեւցած է հոս ու հոն հայ բանաստեղծութեան մէջ։ Համացանցի որոնում մը երեւան հանեց Վահան Թոթովենցի (1889-1938) «Արեւելք» քերթուածը, գրուած՝ 1917-ին, եւ Մատթէոս Զարիֆեանի (1894-1924) «Յաղթանակ» բանաստեղծութիւնը, որ գրուած է երեք տարի ետք։ Անշուշտ, հրապարակագիրներ եւ նորագոյն բանաստեղծներ, որոնք Սիամանթոյի բանաստեղծէն բառապաշար փոխ առած կը թուին, նոյնպէս օգտագործած են այս բառը։
Վերոյիշեալ աստղազարդ բառը իր աստեղազարդ տարբերակով երեւցած է 1908-ին, ամերիկեան փառերգի՝ “The Star-Spangled Banner”-ի հայերէն անանուն թարգմանութեան մը մէջ, որ մաս կազմած է «Հայրենիք»-ի տպարանէն լոյս տեսած երգարանի մը։ Աստղազարդ բառը “star-spangled”-ի բառացի թարգմանութիւնը կրնայ նկատուիլ։
Հետաքրքրական է, որ պոսթընաբնակ հրապարակագիր եւ «Հայրենիք» օրաթերթի աշխատակից Խոսրով Ներսէսեան (1917-1989), որ Գիսաւոր ստորագրութեամբ իր «Տոմսեր» սիւնակը հրատարակած է 1950-ական-1980-ական թուականներուն, այդ տոմսերէն մէկուն մէջ, 1960-ին, «Աստղազարդ Դրօշ» ձեւը գործածած է “Star-Spangled Banner”-ի համար։
Ընդունինք, որ աստղածորան բառը մեր սովորական խօսակցական լեզուին մաս չի կազմեր։ Բայց նոյնը պէտք է ըսել “star-spangled” բառակապակցութեան մասին։