ՓՐԱՒԻՏԸՆՍԻ ՍՐԲՈՑ ՎԱՐԴԱՆԱՆՑ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ԴԱՇՏԱՀԱՆԴԷՍԸ

Կիրակի, 8 Յունիսին, տեղի ունեցաւ Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ (Փրաւիտընս) դաշտահանդէսը։
Արժպ. Տ. Գաբրիէլ Քհն. Նազարեան՝ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւը, սարկաւագներն ու խորանի ծառայողները արարողութիւն մը կատարեցին Հոգեգալստեան տօնին առթիւ եւ օրհնեցին մատաղը։
Ծխականները ժրաջան աշխատանք տարած էին հաճելի ու զուարճալի մթնոլորտ մը ստեղծելու։ Նուագախումբի մը ներկայութիւնը եւ նպաստաւոր եղանակը մեծապէս սատարեցին ձեռնարկի յաջողութեան։