ԱՆՈՒՇԱՒԱՆ ԱՐՔԵՊԻՍԿՈՊՈՍ ՏԵՍԱԿՑԵՑԱՒ ՊՈԼՍՈՅ ՊԱՏՐԻԱՐՔԻՆ ՀԵՏ

Երեքշաբթի, 24 Յունիսին, Թեմիս բարեջան Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Անուշաւան Արքեպիսկոպոս, այցելութիւն մը տուաւ հիւրաբար Նիւ Եորք գտնուող Կ. Պոլսոյ հայոց պատրիարք՝ Նորին Ամենապատուութիւն Սահակ Արքեպիսկոպոսին։ Տեսակցութիւնը տեղի ունեցաւ էջմիածնական Թեմի Առաջնորդարանին մէջ, Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Մեսրոպ Եպիսկոպոսի ներկայութեան։ Հանդիպումին ընթացքին քննուեցան Հայ Եկեղեցին յուզող ընդհանրական հարցեր։