ԺԱԳ ԻՀՄԱԼԵԱՆ (ծնունդ՝ 30 Յունիս, 1922)

Ժագ Իհմալեան ծնած է 30 Յունիս 1922ին, Պոլիս։
Նկարչութեան հանդէպ սէր ունեցած է նաեւ Ժագ Իհմալեանին հայրը՝ Կարպիս Իհմալեան, որ սերտ կապեր ունէր թուրք անուանի նկարիչ Ապիտին Տինոյին հետ եւ իր որդին ղրկած է նկարչութիւն ուսանելու անոր քով: Ապագայ նկարիչը 1936-ին աւարտած է կաթոլիկ միջնակարգ դպրոցը, այնուհետեւ յաճախած է ֆրանսական երկրորդական եւ վերջապէս աւարտած է թրքական երկրորդական դպրոց:
1939 թուականին ապագայ նկարիչը դարձած է թուրք համայնավար կուսակցութեան անդամ։ 1942-ին ընդունուած է Պոլսոյ Գեղարուեստի Ակադեմիայի կերպարուեստի բաժինը եւ քառամեայ դասընթացքը աւարտած՝ երկու տարուան ընթացքին։ Իր քաղաքական գործունէութեան համար Իհմալեան 1944-1946-ին եւ ապա 1946-1948-ին բանտարկուած է։
1946-ին իր առաջին նկարազարդումները լոյս տեսած են «Պարտէզ» մանկապատանեկան շաբաթաթերթին մէջ եւ միաժամանակ աշխատակցած է նաեւ «Նոր օր» ձախակողմեան շաբաթաթերթին։
1949 թուականին Ժագ Իհմալեան ամուսնացած է եւ քաղաքական պատճառներով հեռացած է երկրէն, նախ Սուրիա, ապա՝ Պէյրութ, ուր գծանկարչութեան ուսուցիչ եղած է «Յովակիմեան-Մանուկեան» եւ «Մխիթարեան» վարժարաններուն մէջ եւ նկարազարդած է գիրքեր, ինչպէս Հրաչ Տասնապետեանի հեղինակած «Իրագիտութիւն» եւ «Գիտութիւն» դասագիրքերու շարքը, որ առաջին անգամ լոյս տեսած է 1955-ին:
Ծանօթ է նաեւ Իհմալեանի եւ ֆրանսացի նկարիչ Սիմոն Փալտոկսոյի՝ Պէյրութի օդակայանի մեծ դահլիճի որմնանկարը՝ «Ժողովուրդներու բարեկամութիւն» բնաբանով:
Իհմալեան Պէյրութէն ընտանիքով մեկնած է Լեհաստան 1956 թուականին, ուր աշխատած է շարժապատկերի արուեստանոցի մը մէջ: Կատարած է գիրքերու նկարազարդումներ եւ դիմանկարներ։ 1959 թուականին Չինաստան փոխադրուած է եւ Փեքինի մէջ լրագրութեամբ եւ նկարչութեամբ զբաղած, իսկ կինը նոյնպէս հաղորդավար եղած է ձայնասփիւռի մէջ:
Նկարիչը 1961-ին յայտնուած է Մոսկուայի մէջ։ Աշխատած է Մոսկուայի ձայնասփիւռի թրքերէն բաժնին մէջ իբրեւ խմբագիր եւ ապա դասաւանդած է թրքերէն Մոսկուայի Արեւելեան լեզուներու հիմնարկին մէջ, զուգահեռաբար նկարելով: Իհմալեան զբաղած է նաեւ կահոյքի գեղանկարչութեամբ եւ ձեւաւորած է մանկական սենեակներ։
Իհմալեանի կեանքի վերջին տասը տարիները (1968-78) իր ստեղծագործութեանց գագաթնակէտը եղած են: Մահացած է 1 Ապրիլ, 1978-ին, Մոսկուա, եւ թաղուած է Երեւան։
Մահէն ետք, զանազան քաղաքներու մէջ՝ Մոսկուա, Երեւան, Թիֆլիս, Պաքու, Էջմիածին եւ Պոլիս, անոր ստեղծագործութիւնները ցուցադրուած են բազմաթիւ առիթներով մինչեւ օրս եւ պատկերագիրքերով հրատարակուած են: