Առաջնորդարանէն

ՅՈՎՆԱՆԵԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ ՇՐՋԱՆԱՒԱՐՏԻՑ ՀԱՆԴԻՍՈՒԹԻՒՆԸ

Ուրբաթ, 20 Յունիսին, տեղի ունեցաւ Նիւ Ճըրզիի Յովնանեան վարժարանի շրջանաւարտից հանդիսութիւնը։ Արժպ. Տ. Մեսրոպ Ա. Քհն. Լագիսեան՝ Ս. Լուսաւորիչ Մայր Եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ, ներկայացուց Թեմիս բարեջան Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Անուշաւան Արքեպիսկոպոսը։

Բացման խօսքին մէջ, Տէր Հայրը շնորհաւորեց տնօրէնուհին՝ տիկ. Սթեֆընի Թորոսեան, ուսուցչակազմը, աշակերտութիւնը եւ ծնողները, ուսումնական տարեշրջանի յաջող աւարտին համար։ Յատուկ շնորհաւորութիւններ յայտնեց 10 շրջանաւարտներուն, որոնց իրագործումները հպարտութեան առիթ են բոլորի համար։

Հանդիսութեան ընթացին, դպրոցի ուսումնական բաժնի վարիչ եւ Ազգային Ուսումնական Խորհուրդի տնօրէնուհի տիկ. Հերա Մախուլեան մեծարանքի արժանացաւ դպրոցին մէջ 20-ամեայ իր ծառայութեան համար։