ՌԱՖԱՅԷԼ ԼԵՄՔԻՆԻ ՆՈՒԻՐՈՒԱԾ ՅՈՒՇԱՔԱՐ ԵՐԵՒԱՆԻ ՄԷՋ

Հայոց Ցեղասպանութեան 110-ամեակին եւ «ցեղասպանութիւն» եզրի հեղինակ Ռաֆայէլ Լեմքինի ծննդեան 125-ամեակի օրուան առիթով, Երեքշաբթի, 24 Յունիսին, Երեւանի Հայոց ՑեղասպանութԵան յուշահամալիրին մէջ տեղի ունեցաւ Լէմքինի գերեզմանէն բերուած հողի` յուշապատին զետեղման եւ յուշաքարի բացման հանդիսաւոր արարողութիւնը՝ ի նշան ցեղասպանութիւններու ճանաչման եւ կանխարգիլման աշխատանքներուն մէջ անոր ունեցած մեծ աւանդին։
Հանդիսութեան իրենց մասնակցութիւնը բերին, յանուն Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան «Կիլիկիա» մատենադարանի տնօրէն եւ Հայոց Ցեղասպանութեան Թանգարան-Ինստիտուտի (ՀՑԹԻ) հոգաբարձուներու խորհուրդի անդամ Գերշ. Շահան Արք. Սարգիսեան, Կաթողիկոսարանի դիւանապետ Գերշ. Տաճատ Եպս. Աշըգեան, Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ Լեհաստանի ժամանակաւոր հաւատարմատար Մարչին Ռուժէցքի եւ Զարգացման Ազգային Կեդրոնի Հիմնադրամի տնօրէն Հրաչեայ Մարգարեան, ինչպէս նաեւ թանգարանի եւ Ինստիտուտի անդամներ։
Շահան Սրբազանի նախաձեռնութեամբ, Թեմիս բարեջան Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Անուշաւան Արքեպիսկոպոս, Նիւ Եորքի Մաունթ Հեպրոն գերեզմանատան Ռ. Լէմքինի դամբարանէն ափ մը հող փոխանցած էր Անթիլիաս, ուրկէ Հայաստան տեղափոխուեցաւ Շահան Արք.ի ձեռքով։
Հանդիսութեան բացման խօսքը արտասանեց ՀՑԹԻ տնօրէն Էդիտա Գզոյեան։ Ան ըսաւ. «Այսօր մենք ո՛չ միայն յարգանքի տուրք կը մատուցենք Ռաֆայէլ Լեմքինի իրաւական ժառանգութեան, այլեւ անոր բարոյական համոզումներուն համար։ Ան կը հաւատար, որ յիշողութիւնը առանց պատասխանատուութեան դատարկ է, եւ արդարութիւնը կը սկսի ճշմարտութիւնը իր անունով կոչելով»։
ՀՑԹԻ-ի հանդիսասրահին մէջ երկու զեկուցումներ կարդացին Թանգարան-Ինստիտուտի գիտաշխատող, պատմական գիտութիւններու թեկնածու Նարեկ Պօղոսեան (Ռաֆայէլ Լեմքինն ու Հայոց ցեղասպանութիւնը) եւ լեհ հետազօտող, ռազմական լրագրող Վիթոլտ Ռեփեթովիչ (Ռաֆայէլ Լեմքինի ժառանգութիւնն ու անոր արդիականութիւնը ժամանակակից աշխարհին մէջ):
Ձեռնարկի աւարտին, տնօրէն Էդիտա Գզոյեան նոր թողարկուած «Ռաֆայէլ Լեմքին» յուշամետալներով պարգեւատրեց Նարեկ Պօղոսեանն ու Վիտոլդ Ռեփեթովիչը՝ Լեմքինի աշխատանքներու ուսումնասիրման եւ տարածման, ինչպէս նաեւ մարդու իրաւունքներու համար պայքարի եւ ուսումնասիրութեան գործին ունեցած նշանակալի աւանդին համար, իսկ Շահան Արքեսպիսկոպոսին յանձնեց շնորհակալագիր մը: