Առաջնորդարանէն

ՍՈՒՐԲ ԼՈՒՍԱԻՈՐԻՉ ՄԱՅՐ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ 110-ԱՄԵԱԿԻ ԽԱՆԴԱՎԱՌ ՏՕՆԱԽՄԲՈՒԹԻՒՆԸ

Կիրակի, 22 Յունիսին, Նիւ Եորքի Ս. Լուսաւորիչ Մայր Եկեղեցւոյ 110-ամեակը տօնախմբուեցաւ փառաշուք կերպով։ Թեմիս բարեջան Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Անուշաւան Արքեպիսկոպոս մատոյց Սուրբ Պատարագը, «Հայր Մեր»-էն առաջ կիսասարկաւագ ձեռնադրեց Արամ Բարնակեանը, փաստաբան Արմէն Մորեանը, Մարք Տիլսըզեանը եւ Յակոբ Քէյմէթճեանը։ Ապա «Նախասարկաւագ Սուրբ Ստեփանոս»-ի գնահատագիրը յանձնեց Շանթ Աւագ Սարկաւագին, որ Սուրբ Խորանին վրայ ծառայած է 35 տարի, միաժամանակ վարելով Ազգային Առաջնորդարանի Քրիստոնէական Դաստիարակութեան բաժանմունքը իբրեւ վարիչ տնօրէն։

Այնուհետեւ, Սրբազան Հայրը ընթերցեց Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա․ Կաթողիկոսի օրհնութեան գիրը, ուղղուած եկեղեցւոյ հովիւ՝ Արժպ. Տէր Մեսրոպ Քահանային, որով Նորին Սրբութիւնը աւագութեան տիտղոս կը շնորհէր Տէր Հօր, անոր քսանամեայ բոլորանուէր ծառայութեան առթիւ։

Սրբազան Հայրը իր խօսքին մէջ անդրադարձաւ օրուան խորհուրդին՝ Սուրբ Էջմիածնի Կաթուղիկէի տօնին, յայտնելով, թէ աստուածապարգեւ քրիստոնէական հաւատքը եղած է խարիսխը մեր գոյութենական ուխտագնացութեան, դարերու ընթացքին դարբնելով քրիստոնեայ հայու մեր ինքնութիւնը եւ դիմադրականութիւնը պայքարելու ներքին եւ արտաքին ամէն տեսակի փորձութեանց դէմ։ Ան շնորհաւորեց Ս. Լուսաւորիչ Մայր Եկեղեցւոյ 110-ամեակը, որպէս զուգակշիռ խորհրդանիշ յետ ցեղասպանութեան հայ ժողովուրդի վերընձիւղման եւ բարգաւաճման։

Այս առթիւ, Սրբազան Հայրը դրուատեց Տէր Մեսրոպի 20-ամեայ անձնուէր ծառայութիւնը եւ մաղթեց որ նոյն ոգիով՝ բանիւ եւ գործով շարունակէ իր ներդրումը բերել հայ կեանքէն ներս։ Ան շնորհաւորեց նոր ձեռնադրեալ կիսասարկաւագները, որոնք տարբեր ասպարէզներէ գալով յօժարակամ կը ծառայէին Մայր Եկեղեցւոյ մէջ, մաղթելով որ յառաջիկային արժանի ըլլան սարկաւագութեան աստիճանին։ Նաեւ գնահատեց Շանթ Աւագ Սարկաւագի բոլորանուէր ծառայութիւնը, նշելով թէ գրասենեակի աշխատանքային սահմաններէն դուրս գալով, ան իւրայատուկ ծրագիրներ կը մատուցէ հանրութեան քրիստոնէական դաստիարակութեան գծով։

Եկեղեցական արարողութիւններէն ետք, տեղի ունեցաւ 110-ամեակի եւ Տ. Մեսրոպ Ա. Քհն. Լագիսեանի քահանայութեան 20-ամեակին նուիրուած տօնախմբութիւնը Di Mikele Illagio սրահին մէջ (Էլմհըրսթ), 250 հոգիի ներկայութեամբ։

Առաջնորդ Սրբազան Հօր նախագահութեամբ, տօնախմբութեան ներկայ էին նաեւ Գերշ. Տ. Խորէն Արքեպիսկոպոս, Արժպ. Տ. Ներսէս Ա. Քհն. Մանուկեան, Արժպ. Տ. Մեսրոպ Ա. Քհն. Լագիսեան եւ երէցկին Էօժէն, Արժպ. Տ. Նարեկ Ա. Քհն. Թրթռեան եւ երէցկին Անի, Արժպ. Տ. Վահան Քհն. Գույումճեան եւ երէցկին Մակի եւ քոյր Էմմա Մուսայեան։

Սրբազան Հօր օրհնութենէն ետք, Խորէն Արքեպիսկոպոս ընթերցեց Մայր Եկեղեցւոյ 110-ամեակին նուիրուած հայրապետական կոնդակը, իսկ Տէր Նարեկ Աւագ Քահանայ՝ Տէր Մեսրոպին աւագութեան տիտղոս շնորհող օրհնութեան գիրը։

Հանդիսավարութիւնը կատարեց փաստաբան Արմէն Մորեան՝ եկեղեցւոյ հոգաբարձութեան ատենապետը, որ նաեւ գլխաւոր բանախօսն էր։ Ան անդրադարձաւ Ս. Լուսաւորիչ Մայր Եկեղեցւոյ պատմութեան, վերականգնումի աշխատանքին՝ Տէր Մեսրոպի ղեկավարութեամբ, եւ վերջինիս քսանամեայ ծառայութեան իբրեւ հովիւ։ Այնուհետեւ, եկեղեցւոյ բոլոր ծառայողները հրաւիրեց ոտքի ելլելու, եւ վայրկեան մը յոտնկայս լռութիւն տիրեց՝ ի յիշատակ անոնց, որոնք գործեցին ու անցան եկեղեցւոյ բարգաւաճման համար։

Խօսք առին փաստաբան Ռիչըրտ Սարաճեան եւ Յակոբ Ճամպազեան (Թորոնթօ), վերջինս՝ տեսերիզով։ Արժպ. Տ. Մեսրոպ Ա. Քհն. Լագիսեան խօսեցաւ իր քսան տարուան ծառայութեան եւ անոր ընթացքին դիմագրաւած մարտահրաւէրներուն, երբ Մայր Եկեղեցին կ՚առաջնորդէր դէպի վերանորոգում։ Առաջնորդ Սրբազան Հայրը իր խորին գնահատանքը յայտնեց Տէր Մեսրոպի ծառայութեան համար եւ անդրադարձաւ Մայր Եկեղեցւոյ կենսական նշանակութեան՝ ամերիկահայութեան պատմութիւնը հասկնալու համար։

The Club 27 նուագախումբը (երգիչ՝ Շանթ Մասոյեան) ստեղծեց խանդավառ մթնոլորտ մը, իսկ ներկաներու պարը շարունակուեցաւ մինչեւ ուշ երեկոյ։