Featured, Կաթողիկոսարանէն

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻ ՀԱՅՐԱՊԵՏԱԿԱՆ ԳԱՀԱԿԱԼՈՒԹԵԱՆ 30-ՐԴ ՏԱՐԵԴԱՐՁԸ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՄԷՋ

Ինչպէս հաղորդած էինք, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի նախագահութեամբ, Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ 10-14 Յունիսին տեղի ունեցան Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Ազգային Կեդրոնական Վարչութեան Կրօնական ու Քաղաքական ժողովներու լիագումար նիստերը, բոլոր թեմերու առաջնորդներուն ու Ազգային Վարչութիւններու, ինչպէս եւ Կաթողիկոսութեան բոլոր հաստատութիւններու եւ հիմնարկներու ներկայացուցիչներուն մասնակցութեամբ։

Ժողովական աշխատանքներու աւարտին, Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը շեշտեց գործունէութեան նոր հայեցակարգ մշակելու, նոր մեթոտաբանութիւն որդեգրելու եւ յատկապէս մեր կառոյցները երիտասարդացնելու հրամայականը: Ան նաեւ յիշեցուց Սփիւռքի վերակազմակերպման ու վերակենսաւորման նոր մղում տալու անհրաժեշտութիւնը եւ ընդգծեց մեր գերագոյն ու ընդհանրական արժէքներու ու իտէալներու շուրջ համախմբուելու կարիքը:

30-ամեակի պաշտօնական ճաշկերոյթ

14 Յունիսին, Լիբանանի Հայոց Թեմը կազմակերպած էր պաշտօնական ճաշկերոյթ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետի գահակալութեան 30-ամեակը տօնախմբելու համար։

Բացման խօսքով հանդէս եկաւ Մարալ Մխսեան։ Յանուն Լիբանանի Հայոց Թեմի ազգային վարչութեան ու ազգային իշխանութեանց խօսքեր արտասանեցին Լիբանանի երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախկին նախարար եւ Ազգային Վարչութեան փոխ ատենապետ Վարդինէ Օհանեան Գէորգեան եւ Ազգային Երեսփոխանական Ժողովի ատենապետ Վիգէն Աւագեան։ Երաժշտական կատարողութեամբ ելոյթ ունեցաւ Համազգայինի Բարսեղ Կանաչեան երաժշտական քոլէճի «Մեղեդի» լարային քառեակը։

Ապա խօսք առաւ Լիբանանի Հայոց Թեմի առաջնորդ Գերշ. Տ. Շահէ Արք. Փանոսեան։ Ան փառք տուաւ Աստուծոյ, որ հակառակ հայ կեանքին մէջ իրերայաջորդ տագնապներուն եւ աղէտներուն, Վեհափառ Հայրապետին գահակալութեան շրջանը հանդիսացաւ Կաթողիկոսութեանս ժամանակակից պատմութեան ամենաբեղուն հանգրուանը:

Արամ Ա. Կաթողիկոս անցնող 30 տարիներու իր հովուապետական ծառայութիւնը բնութագրեց որպէս հաւատքի առաքելութիւն ու ազգային ծառայութիւն։ Աւելցուց, որ երեք սկզբունքներ մղիչ ոյժ դարձան. ա) եկեղեցին սոսկ կրօնական հաստատութիւն չէ, այլ Քրիստոսատուր առաքելութիւն է ու կոչում. բ) Անթիլիասը սոսկ վարչա-կազմակերպչական վայր չէ, այլ դէպի ժողովուրդ ուղղուող ժողովրդանուէր ծառայութիւն է. գ) կաթողիկոսը սոսկ գահ բարձրացող անձ չէ, այլ գահը իր կեանքով, իր ծառայութեամբ ու իր իրագործումներով բարձրացնող անձ է։

Այս գիտակցութեամբ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը անցնող 30 տարիներուն իր առաքելութեամբ ու ծառայութեամբ նոր որակ ու նոր հմայք տուաւ եւ Անթիլիասը դարձաւ ճառագայթող ներկայութիւն մեր ժողովուրդի կեանքին մէջ,  եզրափակեց իր պատգամը Արամ Ա. Կաթողիկոս։

Երեկոյթը իր աւարտին հասաւ «Կիլիկիա» օրհներգով եւ «Ի վեհ բարձանց» հայրապետական մաղթերգով։

Վեհափառ Հայրապետի գահակալութեան 30-ամեակի պատարագ

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետի կաթողիկոսական ընտրութեան եւ օծման 30 ամեակին առիթով, Կիրակի, 15 Յունիսին, Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարին մէջ մատուցուեցաւ Ս. Պատարագ եւ կատարուեցաւ գոհաբանական աղօթք։ Պատարագեց ու յաւուր պատշաճի քարոզեց Կաթողիկոսարանի «Կիլիկիա» մատենադարանի տեսուչ Գերշ. Տ. Շահան Արք. Սարգիսեան։

Ս. Պատարագին ներկայ էին թեմակալ Առաջնորդ Սրբազան հայրերը, Ազգային Կեդրոնական Վարչութեան անդամները, թեմերու ազգային իշխանութիւններու, կուսակցութիւններու, բարեսիրական ու մշակութային միութիւններու եւ քոյր կազմակերպութիւններու վերին մարմիններու ներկայացուցիչները, ինչպէս նաեւ ազգային բարերար Ալէքքօ Պէզիքեան, զաւակն ու թոռը՝ Զարեհ ու Անի Պէզիքեաններ։

Ս. Պատարագի ընթացքին, Տէրունական Աղօթքէն անմիջապէս առաջ, խորան բարձրացան եպիսկոպոսաց դասէն խումբ մը միաբան հայրեր, որոնք աղօթեցին Վեհափառ Հայրապետի առողջութեան, արեւշատութեան եւ բեղուն ծառայութեան համար։ Այնուհետեւ, Շահան Արքեպիսկոպոս տուաւ յաւուր պատշաճի քարոզ, որուն ընթացին ան շնորհաւորեց Կաթողիկոսը՝ յանուն միաբանութեան եւ մեր թեմերու ժողովուրդին։ Իր եզրափակիչ խօսքերուն մէջ, Սրբազան Հայրը յայտնեց.

«Վեհափառ Տէր, Սուրբ Խորանէն այս բառերը թող որ ընդունելի ըլլան որպէս երկնային օրհնութիւն։ Թող Տէրը զօրացնէ Ձեզի։ Տիւ ու գիշեր կ՚աղօթենք Ձեզի եւ Ձեր ճամբով մեր եկեղեցւոյ անսասանութեան, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան յառաջատեսիլ ընթացքին եւ Ձեր ծրագիրներու իրականացման համար։ Թող Տէրը օրհնէ, պահէ ու պահպանէ Ձեզ եւ այս Սուրբ Աթոռը, հիմա եւ յաւիտեանս. ամէն»։

Ս. Պատարագի աւարտին, հայրապետական թափօրը ուղղուեցաւ վեհարանի դահլիճ, ուր Դպրեվանքի սաները Վեհափառ Կաթողիկոսին ձօնուած փունջ մը երգերով շնորհաւորեցին անոր գահակալութեան 30 ամեակը։

Դպրեվանքի 95-րդ տարեշրջանի ամավերջի հանդէսը

Դպրեվանքի 95-րդ տարեշրջանի ամավերջի հանդէսը տեղի ունեցաւ Կիրակի, 15 Յունիսի երեկոյեան, Պիքֆայայի Սուրբ Աստուածածին Վանքի շրջափակին մէջ, նախագահութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի։ Հանդէսին ներկայ էին Կիլիկեան ուխտի միաբան հայրեր, թեմերէն ժամանած առաջնորդներ սրբազան հայրեր եւ ազգային վարչութեանց ներկայացուցիչներ, ինչպէս նաեւ Դպրեվանքի ուսուցիչներ, կրթական մշակներ, ծնողներ եւ բարերարներ ու բարեկամներ։

Աւարտական դասարանի  չորս շրջանաւարտներուն անունով ուղերձ կարդաց նորօծ կուսակրօն քահանայ՝ Հոգշ. Տ. Դաւիթ Աբղ. Ասայեան, որուն յաջորդեց գեղարուեստական յայտագիր մը։

Ապա, Դպրեվանքի տեսչութեան խօսքը արտասանեց տեսուչ Գերապատիւ Տ. Պարոյր Ծ. Վրդ. Շէրնէզեան։ Ան ըսաւ. «Այս նուիրական հաստատութիւնը, որ 95 տարուան պատմութիւն ու վաստակ ունի մեր եկեղեցւոյ ու ազգի կեանքին մէջ, ահա այսօր անգամ մը եւս կ՚արձագանգէ մեր համազգային կարիքներուն եւ մեր ժողովուրդի սպասումներուն։ Պատասխանատուութիւն մը, որուն ամբողջացումի մերօրեայ կեանքին անյետաձգելի հրամայականը դարձած է»։

Իր խօսքի աւարտին, Հայր Պարոյր անդրադարձաւ Վեհափառ Հայրապետին գահակալութեան 30 ամեակին։ Ան, ի միջի այլոց, յայտնեց. «Մեր Սուրբ Աթոռի ներկայ 63 միաբաններուն 46-ը Ձեր գահակալութեան օրերուն Դպրեվանքէն շրջանաւարտ դառնալով՝ զինուորագրուած են այս սուրբ ուխտի ծառայութեան»։

Վեհափառ Հայրապետի ձեռամբ տեղի ունեցաւ վկայականաց բաշխումը։ Վկայականներ ստացան չորս շրջանաւարտները, իսկ վկայագիրներ՝ Հոգշ. Տ. Մովսէս Աբղ. Եօսուլքանեան ու Հոգշ. Տ. Աբրահամ Աբղ. Ճուլֆայեան, որոնք Յունուար ամսուն անցած էին Կիլիկեան Միաբանութեան շարքերը եւ Դպրեվանքին մէջ հետեւած՝ խտացեալ դասընթացքներու։

Հուսկ իր պատգամը ուղղեց Արամ Ա. Կաթողիկոս, որ անդրադառանլով Դպրեվանքի հունձքին ըսաւ, թէ հոգեւորականը կոչուած է ծառայ դառնալու՝ նախ Աստուծոյ ու ապա մեր ժողովուրդին. «Ես կ՚ուզեմ, որ մեր բոլոր հոգեւորականները իրենց կեանքով ու գործով, մանաւանդ ծառայութեամբ, շարունակեն վերանորոգ կերպով դառնալ ճշմարիտ ծառաները Աստուծոյ ու մեր ժողովուրդին։ Ահա այսպիսի հոգեւորականներ կերտելու կոչուած է Դպրեվանքը. այսպիսի հոգեւորականներ մեր ժողովուրդին ծառայութեան ղրկելու կոչուած է Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը»։

Հանսդէսը աւարտեցաւ Վեհափառ Հայրապետի «Պահպանիչ» աղօթքով եւ «Կիլիկիա» օրհներգով ու հայրապետական մաղթերգով։