Ի՞նչ Պատահեցաւ Այս Շաբաթ Հայոց Պատմութեան Մէջ

ԲԱԲԳԷՆ Ա. ԱԹՈՌԱԿԻՑ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ (մահ՝ 9 Յուլիս, 1936)

Բաբգէն Արք. Կիւլէսէրեան Հայ Եկեղեցւոյ վաստակաւոր դէմքերէն մէկը եղած է անցեալ դարու առաջին տասնամեակներուն, հասնելով մինչեւ Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան գահը, երբ մահը ընդմիջած էր անոր գործունէութիւնը 68 տարեկանին։

Աւազանի անունով՝ Յարութիւն, ծնած է 5 Մարտ, 1868-ին, Այնթապի մէջ։ Նախակրթութիւնը ստանալէ ետք քաղաքի «Վարդանեան» դպրոցին մէջ (1885-1889), ուսանած եւ աւարտած է Արմաշի դպրեվանքը (1889-1896): Կուսակրօն քահանայ ձեռնադրուած է 1895-ին, իսկ վարդապետ՝ 1896-ին։ Յաջորդ տարին ծայրագոյն վարդապետի աստիճանը ստացած է։ 1896-1897-ին քարոզիչ ըլլալէ ետք Պոլսոյ մէջ, 1897-1899-ին Սամսոնի առաջնորդական տեղապահ նշանակուած է։

1899-1900-ին, Տարօնի վիճակի ընդհանուր վանահայր եւ առաջնորդական տեղապահ եղած է։ Սակայն, Մշոյ մէջ Բաբգէն Ծ. Վրդ. Կիւլէսէրեանի գործունէութիւն ընդհատուած է կառավարութեան կողմէ, որ զինք բանտարկած է։ 1900-1907-ին հսկողութեան տակ ապրած է Պոլսոյ մէջ, իսկ համիտեան վարչակարգը մերժած է անոր ընտրութիւնը իբրեւ Տրապիզոնի (երկիցս) եւ Մարաշի առաջնորդ։

Այդ տարիներուն, Պոլսոյ մէջ վարած է զանազան պաշտօններ. Բերայի Ս. Յարութիւն եւ Ղալաթիոյ Ս. Լուսաւորիչ եկեղեցիներուն քարոզիչ, եւ միաժամանակ Ազգային մատենադարանին մատենարանապետ։ 1905-1906-ին հրատարակած ու խմբագրած է «Լոյս» եկեղեցագիտական շաբաթաթերթը։ Նաեւ գրաբարի ուսուցիչ եղած է Կեդրոնական եւ Պէրպէրեան վարժարաններուն մէջ։

1907-1909-ին, Արմաշի դպրեվանքի փոխ-վանահայր եւ վերատեսուչ ըլլալէ ետք, 1909-1913-ին Գաղատիոյ Թեմի առաջնորդ եղած է, 1910-ին եպիսկոպոս ձեռնադրուելով։

1913-1914-ին միամեայ արձակուրդով մեկնած է, եւ շրջան մը Այնթապ մնալէ ետք, մեկնած է Ֆրանսա՝ երիկամունքներու հիւանդութեան դարման գտնելու։ Ա. Աշխարհամարտի պայթումէն ետք, անցած է Ամերիկա, ուր վիրաբուժական յաջող գործողութեան ենթարկուած է։ Պատերազմի հետեւանքներուն պատճառով մնացած է Միացեալ Նահանգներ մինչեւ 1922։ 1918-1919-ին հրատարակած է «Տաւրոս» շաբաթաթերթը Պոսթընի մէջ։

1922-1923 քննական այցելութեամբ մեկնած է Եւրոպա, Եգիպտոս, Երուսաղէմ ու Սուրիա։ Երուսաղէմի մէջ հաստատած է «Կիւլպէնկեան» ընծայարանը 1924-ին, ու հոն մնացած՝ 1924-1930-ին։ Դասաւանդած է ընծայարանին եւ ժառանգաւորաց վարժարանին մէջ, եւ 1927-1930 թուականներուն՝ «Սիոն» ամսաթերթը խմբագրած։

1928-ին, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոս Սահակ Ա. Բաբգէն Եպս. Կիւլէսէրեանը կոչած է աթոռակից կաթողիկոսութեան, կազմակերպելու համար Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը։ Նորընտիր Աթոռակից Կաթողիկոսը 1930-ին փոխադրուած է Անթիլիաս, ուր բացուած է Դպրեվանքը։ Դպրեվանքին մէջ դասաւանդած է գրաբարի, աշխարհաբարի եւ մատենագրութեան դասերը։ 1931-ին ստացած է արքութեան տիտղոս եւ նոյն տարին, 26 Ապրիլին, Հալէպի Ս. Քառասուն Մանկունք եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցած է կաթողիկոսական ձեռնադրութիւնը եւ օծումը։

Աթոռակից կաթողիկոս ըլլալէ եւ Անթիլիաս հասնելէ ետք, Կիւլէսէրեանի կարեւոր գործերէն մէկը կ՚ըլլայ հիմնել տպարան մը, ինչպէս նաեւ զարկ տալ նոր բացուած դպրեվանքին: 1932-ին, Անթիլիասի մայրավանքին մէջ հիմնած է Կաթողիկոսութեան «Հասկ» պաշտօնական ամսաթերթը, որուն խմբագիրը եղած է 1932-1936-ին։

Աշխատակցած է «Արարատ», «Հանդէս Ամսօրեայ», «Բիւզանդիոն», «Բիւրակն» եւ բազմաթիւ այլ պարբերականներու, ստորագրելով Հայ Եկեղեցւոյ պատմութեան, բանասիրական, ազգագրական, կրօնական, աստուածաբանական խնդիրներու վերաբերող յօդուածներ եւ ուսումնասիրութիւններ:

Հրատարակած է երկու տասնեակ աշխատութիւններ, որոնց շարքին՝ «Կիլիկիա» (1896), «Ծովք-Տլուք-Հռոմկլայ» (1904), «Կոլոտ» (1904), «Եղիշէ» (1908), «Հայ Եկեղեցի Ե. դարու մէջ» (1912), «Քաջն Վարդան» (1920), «Իսլամը հայ մատենագրութեան մէջ» (1930), «Հայ Եկեղեցի» (1930), «Քրիստոնէական» (1932), «Դասեր Աւետարանէն» (Ա. շարք) (1934), «Դասեր Աւետարանէն» (Բ. շարք) (1936), «Հայ Կիպրոս» (1936)։

Բաբգէն Աթոռակից Կաթողիկոս վախճանած է 9 Յուլիս, 1936-ին։ Մարմինը ամփոփուած է Հալէպի Սրբոց Քառասնից Մանկանց եկեղեցւոյ գաւիթին մէջ, սակայն, 1966-ին, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Խորէն Ա. Կաթողիկոսի հրամանով եւ նախաձեռնութեամբ, աճիւնները բերուած են Լիբանան եւ ամփոփուած՝ Անթիլիասի Զարեհեան դամբարանէն ներս։