Առաջնորդարանէն

«Ս. ԳՐԻԳՈՐ ՏԱԹԵՒԱՑԻ» ԼՍԱՐԱՆԻ 39-ՐԴ ՏԱՐԵՇՐՋԱՆԸ ԿԸ ՍԿՍԻ

Կիրակի, 6 Յուլիսին, «Ս. Գրիգոր Տաթեւացի» ամառնային լսարանի 39-րդ տարեշրջանին բացումը տեղի պիտի ունենայ Shiloh կեդրոնին մէջ (Հիուիթ, Նիւ Ճըրզի)։ Ազգային Առաջնորդարանի Քրիստոնէական Դաստիարակութեան բաժանմունքի հովանաւորած ու կազմակերպած լսարանը պիտի տեւէ ամբողջ շաբաթ մը։ Այս տարի, 13-18 տարեկան 59 աշակերտներ կը մասնակցին, իսկ անձնակազմը կը բաղկանայ 19 եկեղեցական եւ աշխարհական անդամներէ։ Թեմիս բարեջան Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Անուշաւան Արքեպիսկոպոս, տեսուչ նշանակած է Գերպ. Տ. Պօղոս Ծ. Վրդ. Թինքճեանը՝ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ (Ֆիլատելֆիա, Փէնսիլվէնիա) հոգեւոր հովիւ։

Լսարանը քառամեայ ծրագիրը կ՚ընդգրկէ Ս. Գրքի քրիստոնէական հաւատքի ուսմունք, առօրեայ պաշտամունքի եւ աղօթքի արարողութիւններ, Հայ Եկեղեցւոյ պատմութիւն, որուն կողքին կը գործադրուին նաեւ եւ ընկերային ու մարզական յայտագիրներ։ Դասընթացքը կը պարունակէ 75 դասապահ (15 դասապահ հինգ մակարդակներէն իւրաքանչիւրին համար)։

Նկարին մէջ՝ Տաթեւացիները կը պատրաստուին լսարանին Ազգային Առաջնորդարանին մէջ։ Գերշ. Տ. Անուշաւան Արքեպիսկոպոսի հետ, ձախէն աջ՝ Նշան Գույումճեան, Աննա Թէքէեան եւ Թալին Լագիսեան