ՏԻԿ. ԱՆԻ ՕՎԱՆՆԷՍԵԱՆԻ ՆՈՐ ՎԿԱՅԱԿԱՆԸ

Տիկ. Անի Օվաննէսեան՝ Ազգային Վարչութեան Երիտասարդական Առաքելութեան բաժնի վարիչը, վերջերս ստացած է Եէյլի աստուածաբանական դպրոցի վկայականը երիտասարդական առաքելութեան վկայականը՝ համապատասխան ծրագրին հետեւելէ ետք։ Իննամսեայ այս նոր ծրագիրը ուղղուած է տեսական ու գործնական գիտելիքներ փոխանցելու մասնակիցներուն։ Տիկ. Օվաննէսեան գլխաւոր նիւթերը յաջողապէս ընդգրկած է մեր եկեղեցւոյ ծիրին մէջ, ինչ որ յատուկ շահեկանութիւն ներկայացնելով, պատճառ եղած է, որ հրաւիրուի յառաջիկայ տարի վերադառնալու իբրեւ հրաւիրեալ դասախօս։