ԱԶԳԱՅԻՆ ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆԻ ԵՐՐՈՐԴ ԳՐԱԿԱՆ ՄՐՑԱՆԱԿԱԲԱՇԽՈՒԹԻՒՆԸ ԵՐԵՒԱՆԻ ՄԷՋ

Չորեքշաբթի, 16 Յուլիսին, Ազգային Առաջնորդարանի դիւանապետ՝ դոկտ. Վարդան Մատթէոսեան, Երեւանի մէջ մասնակցեցաւ Առաջնորդարանի ու Հայաստանի Գրողներու Միութեան համատեղ կազմակերպած մրցանակաբաշխութեան։ Թեմիս բարեջան Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Անուշաւան Արքեպիսկոպոս, 2023-ին հաստատած էր այս մրցանակաբաշխութիւնը «Մեծն Ներսէս» բարեգործական կազմակերպութեան 30-ամեակին առիթով։
Դոկտ. Մատթէոսեան, որ նաեւ Գրողներու Միութեան անդամ է, Երեւան այցելած է 13-17 Յուլիսին ներկայացնելով Առաջնորդ Սրբազան Հայրը։ Անոր կողքին, մրցանակները յանձնեցին Գրողներու Միութեան նախագահ Էդուարդ Միլիտոնեան եւ «Մեծն Ներսէս» կազմակերպութեան գործադիր տնօրէն Տիգրան Գալստեան։
Գրականագէտներէ ու քննադատներէ բաղկացած եօթը հոգինոց դատակազմը ընտրած էր լաւագոյն գործերը երեք դասակարգերու մէջ՝ բանաստեղծութիւն, արձակ եւ մանկապատանեկան գրականութիւն։ Արձակի դասակարգին մէջ, մրցանակակիր հանդիսացան Աշոտ Յովսէփեան (Ա. մրցանակ), Ներսէս Խառատեան (Բ. մրցանակ), Նանէ (Նելլի Նազարեան) (Գ. Մրցանակ), իսկ Ժաննա Յակոբեան ստացաւ խրախուսական մրցանակ մը։ Բանաստեղծութեան առաջին մրցանակը ստացաւ Նորայր Գրիգորեան, որուն հետեւեցան Յակոբ Յարութիւնեան (Բ. մրցանակ), իսկ Սամուէլ Կոսեան եւ Ալիսա Բաղդասարեան բաժնեցին Գ. Մրցանակը։ Վերջապէս, մանկապատանեկան գրականութեան պարագային, մրցոյթի յաղթողներ ճանչցուեցան Շանթ Մկրտչեան (Ա. մրցանակ), Գագիկ Խաչատրեան (Բ. մրցանակ), Ալվարդ Յովսէփեան (Գ. մրցանակ), իսկ Սաթենիկ Ղազարեան խրախուսական մրցանակ ստացաւ։
Ինչպէս մրցանակակիրներէն մէկը յուշեց, վերջին տարիներուն բոլոր գրական մրցանակները ընդհատուած են, եւ Ազգային Առաջնորդարանի հաստատած մրցանակը գրողները խրախուսելու կարեւոր փաստ մըն է։ Պրն. Միլիտոնեան շնորհաւորեց մրցանակիցները եւ Գրողներու Միութեան խորին երախտագիտութիւնը յայտնեց Անուշաւան Արքեպիսկոպոսի հանդէպ, նշելով, որ մրցանակաբաշխտութիւնը կարեւոր է ո՛չ միայն գրողներուն աջակցելու, այլեւ հեղինկները եւ անոնց նոր ստեղծագործութիւնները ընթերցողներուն ներկայացնելու առումով։
Թարգմանչուհի եւ Ազգային Ժողովի պատգամաւոր Լիլիթ Գալստեան խօսեցաւ մրցոյթի ծագման մասին, որուն գլխաւոր նիւթերն են հայրենիք, հող ու հաւատք։ Ան ներկայացուց իր խմբագրած «Յանուն հայի յարատեւման» հաւաքածոն, որ կը ներկայացնէ 2024-ին մրցանակի արժանացած 13 հեղինակներուն գործերը եւ հրատարակուած է «Մեծն Ներսէս» կազմակերպութեան կողմէ, Ազգային Առաջնորդարանի հովանաւորութեամբ։
Դոկտ. Մատթէոսեան ներկաներուն հաղորդեց Անուշաւան Արքեպիսկոպոսի ողջոյններն ու գնահատանքը եւ շնորհաւորեց յաղթողները, իր ուրախութիւնը յայտնելով այս մրցանակին համար, որ արդէն աւանդութիւն կը դառնայ, քաջալերելով գրական ստեղծագործութիւնը, որ Հայաստան – Սփիւռք կազմակերպուած յարաբերութիւններուն մէջ Սփիւռքի կողմէ հայ գրողներու կողքին ըլլալու հաճելի զգացողութիւն կը պարգեւէ։ Յիշելով Յովհաննէս Թումանեանի «Մենք ուխտ ունենք՝ միշտ դէպի լոյս» առածի անցած խօսքը, ան շեշտեց. «Բոլորս ալ, անկախաբար անկէ, թէ մրցանակներ կան թէ ոչ, խրախոյս կայ թէ ոչ, կր շարունակենք ստեղծել՝ ամէն մէկը իր բնագաւառին մէջ, եւ ուրախ եմ այս առիթով, որ գրողը ո՛չ միայն իր գործը կ՚ընէ նստած իր գրասեղանին առջեւ, իր համակարգիչին առջեւ, այլեւ այս անգամ առիթը կայ անոր գործը գնահատելու եւ խրախուսելու»։