Կաթողիկոսարանէն

ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԵԱՆ ՄՇԱԿՈՒԹԱՅԻՆ ԾՐԱԳԻՐՆԵՐԸ ԵՐԵՒԱՆԻ ՄԷՋ

Անցնող շաբաթներուն, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան անունով, «Կիլիկիա» մատենադարանի մատենադարանապետ Գերշ. Տ. Շահան Արքեպիսկոպոս Սարգիսեան մշակութային առումով զանազան հանդիպումներ ունեցաւ եւ իր մասնակցութիւնը բերաւ համաժողովներու ու քննարկումներու:

Այսպէս, հայ հոգեւոր-ձեռագրական կեդրոններու եւ Մեսրոպ Մաշտոցի անուան Մատենադարանի միջեւ երկրորդ հանդիպում մը կայացաւ, 8 Յուլիսին: Քննարկման կը մասնակցէին Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարքութեան, Զմմառու Պատրիարքական Կղերին Միաբանութեան, Վենետիկի եւ Վիեննայի Մխիթարեան Միաբանութեան, Մատենադարանի տնօրէնութեան, ձեռագրական բաժինի եւ վերականգնողական մասնագէտներուն, Հայաստանի Հանրապետութեան մշակութային արժէքներու փորձագիտական կեդրոնի տնօրէնին եւ պետական եկամուտներու կոմիտէի ներկայացուցիչներուն: Օրակարգին վրայ էին հոգեւոր-ձեռագրական կեդրոններու հետ համագործակցութեան խորացումը, պետական աջակցութեան ուղղութիւններու եւ ձեւաչափերու որոշումը, ձեռագրերու վերականգնման եւ համատեղ ցուցադրութեան պատկերացում եւ գրաւոր կոթողներու տեղաշարժերու ընթացակարգերու խնդիրը։ Շահան Սրբազան իր զեկոյցին մէջ խօսեցաւ Կաթողիկոսարանի ձեռագրական հաւաքածոյի նորութիւններուն մասին եւ ներկայացուց վերականգնումի կարօտ ձեռագիր Աւետարան մը:

Այնուհետեւ, Սրբազան Հայրը իր մասնակցութիւնը բերաւ Մատենադարանի կազմակերպած հայագիտական միջազգային երկրորդ համաժողովին, 9-12 Յուլիսին: Համաժողովին կը մասնակցէին շուրջ չորս տասնեակ գիտնականներ։ Իր զեկոյցին առաջին բաժինով Շահան արքեպիսկոպոս ներկայացուց Կաթողիկոսարանի հայագիտութեան տեսանելի արդիւնքները:

Դպրեվանքի (հիմնուած 1930-ին) Ընծայարանի բաժինը կը գործէ հայագիտական ու աստուածաբանական քառամեայ ծրագիրով:

Վեհափառ Հայրապետին նախաձեռնութեամբ, 2012-2013 տարեշրջանին սկիզբ առաւ արեւմտահայերէնի խտացեալ դասընթացք մը Անթիլիասի մէջ, որ 2015-2016 տարեշրջանին վերածուեցաւ հայագիտական եռամեայ ծրագրի, որ այսօր կը շարունակէ գործել Խորէն Ա. Կեդրոնէն ներս: Միւս կողմէ, «Խաչեր Գալուստեան» մանկավարժական հիմնարկը (հիմնուած 1987-ին), որ Լիբանանի կրթական նախարարութեան ճանաչում ունի, կը շարունակէ իր գործունէութիւնը ուսուցիչներու վերապատրաստութեան ծրագրով:

Հայագիտական բազմաթիւ հրատարակութիւններ լոյս տեսած են Կաթողիկոսարանի տպարանէն (հիմնուած՝ 1932-ին), որոնց շարքին աւելի քան 30 հատոր 2021-2025-ին: «Հասկ» պաշտօնաթերթը, որ 1932 թուականէն կը տպագրուի, ունի բազմաթիւ հայագիտական բնոյթի նիւթեր։ «Հասկ» հայագիտական տարեգիրքի ԺԳ. հատորը լոյս տեսաւ 2024-ին եւ կ՚ակնկալուի յաջորդ հատորը Սեպտեմբերին յանձնել տպագրութեան:

Սուրբ Ներսէս Դ. Շնորհալի հայրապետի վախճանման 850-ամեակին նուիրուած գիտաժողով մը տեղի ունեցած է 26 Մայիս, 2023-ին:

Հայաստանի Ազգային Արխիւին, Մատենադարանի արխիւային բաժանմունքին եւ Հայոց Ցեղասպանութեան Թանգարան-Ինստիտուտին հետ հրատարակութեան ծրագիրներու իբրեւ արդիւնք, լոյս տեսած է «Ատենագրութիւն Քաղաքական Ժողովոյ Ատանայի» հատորը (2022)։ Երկու հատորով պիտի հրապարակուի Կիլիկիոյ պարպումին աղերսուած վաւերագրերու ժողովածու մը:

«Կիլիկիա» մատենադարանը Կաթողիկոսարանի հոգեւոր-մշակութային 94-ամեայ կառոյցներէն է, հիմնուած՝ 1931-ին: Կեդրոնական բաժինը Անթիլիաս է, Պիքֆայա կը գտնուի Դպրեվանքի գրադարանը, եւ կայ նաեւ նորահաստատ Խորէն Ա. Կեդրոնի ժողովրդային գրադարանը:

Մատենադարանը Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւելեան Թեմէն նուէր ստացած է 48 հնատիպ գիրք, իսկ անհատ բարերարներէ՝ 15 հնատիպեր:

Համագործակցութեամբ Մեսրոպ Մաշտոցի անուան Մատենադարանին, Հալէպի ձեռագրական հաւաքածոն ուսումնասիրող պատկերագիրքի պատրաստութիւնը ընթացքի մէջ է եւ կ՚ակնկալուի, որ 2026-ին տպագրութեան յանձնուած ըլլայ:

Ձեռագրական նոր ձեռքբերումներ պէտք է նկատել ձեռագիր մատեան մը՝ Մայր Մաշտոց (1703), եւ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւելեան Թեմէն նուէր ստացուած Մաշտոցը (ԺԷ. դար, Չհարմահալ գաւառ) եւ երկու հմայիլներ (ԺԸ. դար). ինչպէս եւ Աւետարան մը (ենթադրաբար՝ ԺԱ.  եւ ԺԳ. դարեր), որ ուսումնասիրութեան եւ վերականգնումի համար ժամանակաւոր կերպով կը գտնուի Մատենադարանին մէջ:

Գ) Շահան Արքեպիսկոպոս հերթաբար այցելեց Ազգային Գրադարան, Ազգային Ակադեմիայի Հիմնարար Գրադարան ու Մաշտոցեան Մատենադարան եւ անոնց տնօրէններուն ու պատասխանատուներուն հետ քննարկեց համագործակցութեան խորացման միջոցներ, ինչպէս նաեւ վերահասու դարձաւ արդէն իսկ նախաձեռնուած ծրագիրներու իրականացման ընթացքին եւ վիճակին մասին:

Սրբազան Հայրը Մայրավանք վերադարձին զեկուցեց Վեհափառ Հայրապետին եւ ստացաւ անոր օրհնութիւնը: